ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒՄ

Սղեր­դի եւ Թուն­ճե­լիի մէջ այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն ձեր­բա­կա­լուե­ցան քա­ղա­քա­պետ­նե­րը։ Այդ եր­կու քա­ղաք­նե­րու հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւն­նե­րուն կող­մէ քա­ղա­քա­պե­տա­րան­նե­րէն ներս կա­տա­րուե­ցան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն։ Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի բա­ժան­մուն­քի ոս­տի­կան­նե­րը քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս կա­տա­րուած լայ­նա­ծա­ւալ խու­զար­կում­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ իր բնա­կա­րա­նին մէջ ձեր­բա­կա­լե­ցին Սղեր­դի քա­ղա­քա­պետ Թուն­ճէր Պա­քըր­հա­նը (ՏՊՓ)։

Թուն­ճե­լիի մէջ ալ ձեր­բա­կա­լուե­ցան հա­մա­քա­ղա­քա­պետ­նե­րը՝ Մեհ­մէտ Ա­լի Պուլ եւ Նուր­հա­յաթ Ալ­թուն, ո­րոնք կը պատ­կա­նին նոյն կու­սակ­ցու­թեան։

CNN-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Թուն­ճե­լիի մէջ ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ նաեւ Է­ՄԷՓ կու­սակ­ցու­թեան նա­հան­գա­յին մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Մուս­թա­ֆա Թաշ­քա­լէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016