ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեան յայտարարեց, որ պիտի ջանան վերահսկողութիւն հաստատել կանխարգիլելու միջոցաւ։ Ան այդ պաշտօնին գլուխը կը գտնուի յունիս ամիսէն ի վեր։ Կիւրճինեան վերջերս սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ Լեզուի կոմիտէի կողմէ ծաւալուած աշխատանքին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան հաւաստիացուց, թէ ընթացքին արդէն իսկ որոշ քայլեր առնուած են՝ սերտացուած է հասարակութեան հետ կապը, Դիմատետրի վրայ ստեղծուած է էջ մը, պատրաստութիւններու ձեռնարկուած է կայքէջ մը հաստատելու համար։ Լեզուի կոմիտէի աշխատակիցները դիտարկումներ կատարած են համագործակցելով զանազան հեռուստակայաններու հետ՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել գրական հայերէնի դիրքերը երկրէն ներս։ «Բոլորիս քաջ յայտնի է, որ հեռուստատեսութեան պատճառով գրական հայերէնի դիրքերը նահանջած են», նշեց Կիւրճինեան։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կիւրճինեան նշեց, որ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն շուրջ 350 զանազան հաստատութիւններու կամ կազմակերպութիւններու ուղարկուած են յորդորականներ՝ լեզուական սխալներու վերաբերեալ։ Լեզուի կոմիտէի յառաջիկայ մշտադիտարկումներու հիման վրայ նման յորդորականներու պատրաստումն ու տարածումը պիտի դառնայ պարբերական։ Այս կոմիտէն նախապէս ունէր տուգանքելու լիազօրութիւն, սակայն ներկայիս պարագան փոխուած է։ «Մենք պիտի ունենանք լեզուական վերահսկողութեան գործառոյթ, մենք պիտի փորձենք վերահսկել կանխարգիլելու միջոցաւ», ըսաւ Դաւիթ Կիւրճինեան։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Կիւրճինեան ոլորտի կարեւորագոյն խնդիրը բանաձեւեց ըստ հետեւեալի. «Համար մէկ խնդիրը՝ հայերէնի՝ պետական լեզուի կարգավիճակի գիտակցումը մեր հասարակութեան բոլոր խումբերուն կողմէ։ Հայերէն խօսող մարդիկ են, մեզ կը հետաքրքրէ հայերէնի շահը՝ ամենաբարձր պաշտօնեան ըլլայ կամ թէ սովորական լրագրող մը։ Մեր օտարամոլութիւնը, հայերէնը օտար լեզուներու բաղդատմամբ ստորադաս համարելը, առաւել ակնառու կը դառնայ որեւէ բնակավայրի մէջ շրջելու ժամանակ, երբ այս կամ այն վայրին մէջ յաճախ խիստ անհարկի օտարալեզու վահանակներու ես կը հանդիպիմ։ Դժբախտաբար սա միայն մեր մտածելակերպի արդիւնքն է։ Սա օտարամոլութեան հետեւանքն է, հայերէն խօսքը, հայերէնը չսիրելու, չգնահատելու հետեւանքն է»։

Ըստ Կիւրճինեանի, օտարամոլութեան ակունքները ոչ վաղ անցեալի մէջ կը գտնուին։ Պատճառներէն մին պէտք է փնտռել խորհրդային անցեալի մէջ։ Գուցէ աւելի առաջ ալ հայ հասարակութիւնը օտար լեզուն կը գերադասէր։ Ամենամօտ շրջանը խորհրդայինն է, այս պատճառով կրնանք յիշել, որ ռուսերէնի իմացութիւնը անհրաժեշտ էր գործի ընդունուելու համար։ «Այո՛, օտար լեզուներ պէտք է գիտնալ։ Խնդիրը կրկին հասարակութեան մտածելակերպին մէջ է։ Մեր խնդիրը պիտի ըլլայ հայերէնը չդարձնել փողոցի, սովորական խօսակցական մակարդակի, այլ այնպէս մը, որ մենք կ՚ենթադրենք 21-րդ դարու զարգացած լեզու մը, որ մեր երկրի պետական լեզուն է։ Եւ սա մեր ազգային ամենամեծ հարստութիւնն է, մեզ իրարու կապող ամենահզօր միջոցը», շարունակեց Կիւրճինեան։

«Արմէնփրէսի»ի մամլոյ սրահին մէջ կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին Դաւիթ Կիւրճինեան ընդգծեց, որ Լեզուի կոմիտէն կը շարունակէ ուսումնասիրել այլ երկիրներու լեզուական քաղաքականութեան փորձառութիւնը՝ անհրաժեշտութեան պարագային այդ բոլորը տեւակայնացնելու նպատակով։ Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի Դիմատետրի էջը արդէն արժանացած է շուրջ 15 հազար հաւանումներու։

Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն ներկայիս կ՚աշխատի հայերէնի ընդհանուր ելեկտրոնիկ եզրոյթարան «թերմինարան» մը ստեղծելու ուղղութեամբ։ Կիւրճինեան նկատեց, որ բառարանները վաղուց չեն թարմացուած, հազարաւոր բառեր անոնց մէջ ընդգրկուած չեն։ Ուստի, եզրոյթարանի նախաձեռնութիւնը շատ կարեւոր է։ Այս տարբերակը հնարաւորութիւն կու տայ պարբերաբար համալրումներ կատարելու, նոր եզրոյթներ աւելցնելու։ Տպագիրի պարագային այդ հնարաւորութիւնը չկայ։ Դաւիթ Կիւրճինեան ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն հայերէնի խօսակցականն ու գրականը շատ հեռացած են իրարմէ։ Երբեմն այս խնդիրը կը խորանայ հեռուստատեսութիւններու պատճառով։ «Մեր մշակութային աւանդութիւնը, դժբախտաբար, շատ զատորոշած է խօսակցականն ու գրականը։ Գրականը շատ-շատ մաքրուած է, հեռուստակայաններն  ալ խօսակցականը իջեցուցած են. իջեցուցած են, երբեմն սա ըրած են կեղծ նոթաներով։ Հիմա պէտք է հաւասարակշռուած աշխատանք մը տանիլ», նշած է Դաւիթ Կիւրճինեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018