ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՄԵՐՁԵՑՈՒՄ

Մոս­կուա­յի մէջ ե­րէկ բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ։ Օ­րուան սկիզ­բին եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝  Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով ծա­ւա­լե­ցին եր­կա­րա­տեւ քննար­կում­ներ։ Օ­րուան ա­ւար­տին Քրեմ­լի­նի պա­լա­տին մէջ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին հիւ­րըն­կա­լեց ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը։ Այդ բո­լո­րէն վերջ Լաւ­րով եւ Քե­րի սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը շօ­շա­փուե­ցան ռուս-ա­մե­րի­կեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ հա­մա­տեղ պայ­քա­րի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը այն­պի­սի շրջա­նի մը զու­գա­դի­պած է, որ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Մոս­կուա­յի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը լա­րուած են զգա­լիօ­րէն։ Այդ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն գտնել լուծ­ման եզր մը եւ հա­րուած­ներ հասց­նել Ի­ՇԻՊ-ին՝ որ­պէս հա­սա­րա­կաց թշնա­մի։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ է, որ ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցան։ Հան­դիպ­ման սկիզ­բին, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու հա­մար բաց հանգ­րուա­նին Փու­թին Քե­րին հիւ­րըն­կա­լե­լու ժա­մա­նակ յայտ­նեց, թէ միաս­նա­բար լու­ծում­ներ կ՚ո­րո­նեն ճգնա­ժա­մե­րուն հա­մար։ Իսկ Քե­րի յայտ­նեց, որ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա շատ բան կրնան ը­նել Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի լուծ­ման ճա­նա­պար­հին յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին Ճոն Քե­րի նշեց, որ Փու­թի­նի հետ հան­դի­պու­մը տե­ւած է ե­րեք ժամ։ Այդ ե­րեք ժա­մե­րը թէեւ չեն փո­խած աշ­խար­հը, սա­կայն մօ­տե­ցու­ցած են կող­մե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րը։ Իր կար­գին, Լաւ­րովն ալ նշեց, թէ Ռու­սաս­տա­նի, ԱՄՆ-ի եւ այլ մաս­նա­կից­նե­րու շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղած է մե­ռեալ կէ­տէն շար­ժել Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի կար­գա­ւո­րու­մը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015