ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆԻ ՀԱՐՑՈՒՄԸ

ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս հար­ցում մը հաս­ցէագ­րեց Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րար Նա­պի Աւ­ճըի։ Ան այս առ­թիւ հարց տուաւ, թէ հա­կա­ռակ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի (Ե­ՄԻԱ) վճիռ­նե­րուն, ին­չո՞ւ տա­կա­ւին կրօ­նի մշա­կոյթն ու բա­րո­յա­գի­տու­թիւ­նը դպրոց­նե­րէ ներս կը դա­սա­ւան­դուին որ­պէս պար­տա­դիր ա­ռար­կայ։ Նա­խա­րար Աւ­ճըի պա­տաս­խա­նին ակնկա­լի­քով խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հու­թեան յղուած այս հարց­ման ա­ռա­ջար­կին մէջ յի­շե­ցուած է, որ Ե­ՄԻԱ-ի ո­րո­շու­մէն վերջ յի­շեալ ա­ռար­կա­յին նե­րառ­նուած են ա­լե­ւիու­թեան դա­ւա­նան­քին վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Սե­լի­նա Տո­ղան հարց տուած է, թէ Թուր­քիա պի­տի յար­գէ՞ Ե­ՄԻԱ-ի ո­րո­շում­նե­րը եւ այս նպա­տա­կով պատ­րաս­տու­թիւն մը կա՞յ՝ որ­պէս­զի յի­շեալ ա­ռար­կա­յին դա­սա­ւան­դու­մը դադ­րի պար­տա­դիր ըլ­լա­լէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015