ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Տիար­պա­քը­րի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ ե­րեք անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեայ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Տիար­պա­քըր-Սիլ­վան ճա­նա­պար­հին վրայ զրա­հա­պատ ոս­տի­կա­նա­կան մե­քե­նայ մը թի­րա­խը դար­ձաւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ զե­տե­ղուած ռում­բին։ Օ­ղուզ­լար գիւ­ղի մօ­տա­կայ­քին պա­տա­հե­ցաւ դէպ­քը, ո­րու հե­տե­ւան­քով ե­րեք ոս­տի­կա­նի նա­հա­տա­կուե­լուն ա­ռըն­թեր վի­րա­ւո­րուե­ցաւ ե­րեք ոս­տի­կան։ Տիար­պա­քը­րի զա­նա­զան հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ վի­րա­ւո­րեալ ոս­տի­կան­նե­րը առ­նուե­ցան թար­ման­ման տակ։

Կը հա­ղոր­դուի, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ձեր­բա­կալ­ման հա­մար լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն սկսած է տա­րած­քաշըր-ջա­նէն ներս։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015