ՀԱՅԱԶԳԻ ԵՐԵՔ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ՅԱՋՈՂԵՑԱՆ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ

Ռու­մա­նիոյ մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ար­դիւն­քով հա­յազ­գի ե­րեք ե­րես­փո­խան­ներ յա­ջո­ղե­ցան մուտք գոր­ծել երկ­րի խորհր­դա­րա­նը։ Ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջինն է Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեան, որ վե­րընտ­րուած է՝ որ­պէս Ռու­մա­նա­հա­յոց միու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած թեկ­նա­ծու։ Երկ­րորդն է՝ Ա­զա­տա­կան­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վար­նե­րու դա­շին­քի (ALDE) ան­դամ­նե­րէն Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան, որ նոյն­պէս վերընտ­րուած է։ Այս եր­կու ա­նուն­նե­րը ար­դէն Ռու­մա­նիոյ օ­րէնս­դիր մարմ­նէն ներս եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լեն։ Այս ան­գամ եր­րորդ ա­նուն մըն ալ յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել Ռու­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը։ Ան է՝ Լու­չիան Է­տուարտ Սի­միոն, որ ըն­կե­րա­ժո­ղովր­դա­վար­նե­րու ցու­ցա­կէն ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած էր։

Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեան Ռու­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը ղե­կա­վա­րէ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խում­բը։ Ան տեղեկատուութեան փորձագիտութիւն­ներու բնագաւառէն ներս բազմաթիւ օրէնքներու նախագիծեր պատրաստած է։ Իսկ Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան Ռու­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ա­ռա­ջին ան­դամ­նե­րէն մին է, ե­ղած է ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խում­բի ա­ռա­ջին ղե­կա­վա­րը եւ այդ պաշ­տօ­նին մէջ ա­ւե­լի վերջ ի­րեն յա­ջոր­դած է Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեան։ Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան, որ ծա­նօթ է նաեւ իր մտա­ւո­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, եր­կու ան­գամ Ռու­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ալ մաս կազ­մած է։ Երկ­րի գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ան 2006-2008 թուա­կան­նե­րուն ե­ղած է տնտե­սու­թեան ու ելմ­տա­կան նա­խա­րար։ 2012-2013-ին ալ ե­ղած է տնտե­սու­թեան նա­խա­րար։ Թէ՛ Ոս­կա­նեան եւ թէ Փամ­պուք­ճեան Ռու­մա­նիոյ մէջ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ երկ­րի Հա­յոց միու­թեան հիմ­նա­դիր ղե­կա­վար­ներն են։ Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան նա­խա­գահն է Ռու­մա­նա­հա­յոց միու­թեան, իսկ Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեան՝ փոխ-նա­խա­գա­հը։

Ա­ռա­ջին ան­գամ ե­րես­փո­խան ընտ­րուած Լու­չիան Է­տուարտ Սի­միոն Սեւ ծո­վու ա­ռափ­նեայ Տուլ­չայ նա­հան­գի ղե­կա­վար­նե­րէն է։ Ե­ղած է նա­հան­գա­պետ։ Այ­նու­հե­տեւ վա­րած է Դա­նու­բի բնա­կան դա­րաս­տա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը։ Ան կը ղե­կա­վա­րէ նաեւ Ռու­մա­նա­հա­յոց միու­թեան տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016