ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԴԷՊԻ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ԿԱԶԱՄՈՒՂ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ

Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շախպազովը։ Այս առթիւ երկու նախարարները յուշագիր մը ստորագրեցին՝ Թուրքիայէն դէպի Նախիջեւան բնական կազ մատակարարելու հարցին շուրջ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ գոյացած փոխադարձ ըմբռնումի մասին։

Ստորագրման արարողութեան ժամանակ Ֆաթիհ Տէօնմեզ դիտել տուաւ, որ Թուրքիա-Նախիջեւան բնական կազի խողովակաշարը սկիզբ պիտի առնէ Իգդիրէն եւ պիտի աւարտի Սետերեքի (Սանդրուք) մէջ։ Խողովակաշարի Թուրքիոյ տարածքէն ներս մնալիք հատուածը պիտի կազմէ 85 քիլօմեթր։ Այս նոր կառուցուելիք խողովակաշարին միջոցաւ կը նախատեսուի տարեկան 500 միլիոն խորանարդ մեթր ծաւալով բնական կազ մատակարարել։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2020