ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ. «ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ԽՈՐԱՑՆԵՆ ԱՌԿԱՅ ՆՈՒԱՍՏԵՑՈՒՑԻՉ ՎԻՃԱԿԸ»

Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններու ամբողջ երկայնքով յետպատերազմեան իրավիճակի սարսափելի քաոսը կը շարունակուի։ Հրադադարի համաձայնութենէն վերջ յառաջացած ծանր մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ աննկարագրելի եւ անհաւատալի տկարութիւններ խնդրոյ առարկայ կը դառնան Հայաստանի կողմէ, ինչ որ միանշանակ կը վերագրուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մատնուած անգործութեան։ Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ գրաւուեցան Արցախի Հադրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թէեւ յայտարարեց, որ ըստ հրադադարի համաձայնութեան այդ գիւղերը պէտք է վերադարձուին հայկական կողմին, սակայն իր այդ խօսքերը մնացին օդին մէջ։ Տեղւոյն համայնքապետը տեղեկացուց, որ Հին Թաղեր գիւղը եւս վերջնականապէս յանձնուած է Ատրպէյճանին։ Բաց աստի, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճանի բանակը յառաջացած է դէպի Շուշիի շրջանի Հինշէն, Մեծշէն եւ Եղծահող համայնքներու ուղղութեամբ եւ գիւղացիներէն պահանջած՝ լքել իրենց տուները։ Այս լուրերը պատճառ դարձած են մեծ պոռթկումի, մինչ ընկերային ցանցերու վրայ մարդիկ սկսած են արտայայտել իրենց ցասումը՝ հարց տալով, թէ արդեօք ըսելիք բան չունի՞ն Նիկոլ Փաշինեանն ու Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Աւելի ուշ, Արցախի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան Բերդաձորի շրջանէն ներս ստեղծուած կացութեան շուրջ հաղորդեց որոշ մանրամասնութիւններ։ Ան տեղեկացուց, որ Հինշէնը ապաշրջափակուած է, սակայն իր փոխանցածները հեռու էին գոհացուցիչ ըլլալէ՝ մանաւանդ, որ նախորդող իրադարձութիւններուն տեսակէտէ խոստովանութեան համազօր էին։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ զուգահեռաբար տեղեկացուցին, որ կը սպասէին Արցախի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ տրամադրուելիք տեղեկութիւններուն։ Ծայր աստիճան անկազմակերպ, իրարու անհաղորդ կացութեան մը պատկերը կը ցոլացնէր այս յայտարարութիւնը։ Իսկ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ երեկոյեան հաղորդեցին, որ կորսուած է կապը Հադրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն տեղակայուած քանի մը մարտական դիրքերու անձնակազմին հետ եւ սկսած են որոնման աշխատանքներ։ Այս բոլորը արդէն եկան վերահաստատել նոր գերիներու վերաբերեալ լսումներն ու անոնցմով պայմանաւորուած մտահոգութիւնները։ Մասնագէտներ ահազանգ հնչեցուցին, որ կորսուածներու թիւը գրեթէ ծանօթ է, սակայն իշխանութիւնը հետեւողականօրէն համապատասխան տեղեկատուութիւնը կը թաքցնէ՝ խուսափելու համար պատասխանատուութենէ։

Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի համաձայնութենէն վերջ ստեղծուած կացութիւնը ծայր աստիճան պղտոր է եւ յղի՝ անկանխատեսելի հետեւանքներու։ Երեւանի մէջ առկայ իշխանութեան պարապութիւնն ալ պատճառ կը դառնայ, որ Պաքու հանդէս գայ նոր յաւակնութիւններով։ Նոյնիսկ միջազգային վերլուծաբաններ այս փուլին կը մատնանշեն, որ Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս կացութեան էապէս սրման ռիսք գոյութիւն ունի։

Այս առաւօտ «www.tert.am» կայքէջի հաղորդումներն ալ եկան ապացուցանել, թէ կացութիւնը որքան լուրջ եւ ահազանգային համեմատութիւններու հասած է։ Այսպէս, Շիրակի մարզէն 100-150 զինուոր, որ պատերազմի համար մեկնած է Արցախ, Հինշէն բնակավայրի մօտակայքին յայտնուած է Ատրպէյճանի զօրքերու շրջափակման մէջ եւ կամ գերեվարուած։ Ռուսաստանի խաղաղապահները բանակցութիւններ կը վարեն Ատրպէյճանի զօրքերուն հետ։ Շիրակի մարզէն զանազան համայնքապետեր այս մասին տեղեկութիւններ հաղորդած են։ Համայնքապետերը իրենց շրջաններէն մեկնած զինուորներու անուններով կը ջանան ամբողջական ցուցակ մը կազմել եւ ճշդել, թէ անոնցմէ ո՛ր մէկը ո՛ր դիրքին մէջ գտնուած է։ Այդ զինուորներու ընտանիքներն ալ շարժման անցած են՝ այցելելով Շիրակի մարզպետին։ Նոյն մարզէն Աշոցքի համայնքապետը ներկայիս մեկնած է Արցախ՝ նոյն հարցով։ Ընդհանրապէս համայնքապետերը կը նշեն, որ հեռախօսազանգերով յաջողած են միայն այսքանը ճշդել եւ որեւէ պաշտօնական տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։

Գերիներու եւ կորսուած զինուորներու կացութեան անորոշութիւնը եւ ստեղծուած անխուսափելի լարուածութիւնը այս առաւօտ լուրջ դրսեւորում մը ունեցաւ նաեւ Երեւանի մէջ։ Զինուորներու ընտանիքները, որոնք ցոյց կ՚իրականացնէին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան դիմաց, կոտրեցին նախարարութեան դարպասները, մտան բակ եւ փորձեցին մուտք գործել վարչական շէնք։

Ի լրումն այս բոլորին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներն ալ այս առաւօտ հանդէս եկան իսկապէս շատ խիստ յայտարարութիւնով մը, որու տրամաբանութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ անցեալ շաբաթ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած հրաժարականի յորդորին հետ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան այս առաւօտ յայտարարեց, որ զինուորներու գերեվարման կապակցութեամբ պատկան մարմիններու հաղորդագրութիւնները աւելի կը խորացնեն առկայ նուաստացուցիչ վիճակը։ Ուստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ ուղղեց, որպէսզի իշխանութիւնները պատասխանատու կեցուածք մը դրսեւորեն։ Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետի կողմէ ռազմագերիներու հարցին շուրջ կարգ մը քայլեր առնուած են։ Յիշեցուեցաւ, որ կորսուած հայորդիներու շարքին մնալ կը շարունակէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Մկրտիչ Աբեղայ Կարապետեան, որ պատերազմի առաջին իսկ օրէն առաջնագիծ մեկնած էր՝ իբրեւ կամաւոր։

«Երբ ամբողջ ազգը աւելի քան 12 ժամ անհանգստութեամբ ու վրդովմունքով կը դիտէ Ատրպէյճանի աղբիւրներով տարածուած զանազան տեսանիւթեր՝ հայ զինուորներու զինաթափման, գերեվարման եւ սպանութեան մասին՝ անոնց մէջ ակամայ փնտռելով իրենց զաւակներու եւ սիրելիներու դէմքերը, երբ կ՚ակնկալուի այդ կապակցութեամբ պատկան պետական կառոյցներու սպառիչ բացատրութիւններ եւ կամ ուղղակի գործողութիւններ, հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնները բովանդակային անորոշութեամբ ո՛չ միայն չեն մխիթարեր եւ չեն փարատեր այս վիճակը, այլեւ՝ աւելի կը խորացնեն զայն՝ հարկադրելով մարդիկ հայեացքները պարզել այլ ուղղութեամբ։ Կորսուածներու, զոհուածներու եւ գերեվարուածներու ընտանիքները եւ ամբողջ ազգը այս վիճակին մէջ պահելը արդեօք կը նպա՞ստէ՝ առանց այդ ալ լարուած մթնոլորտի լիցքաթափման։ Արդեօք յարի՞ր է արժանապատուութեան, բարոյականութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիի նկատմամբ պարտաւորութիւններու պատասխանատու իրագործման ընկալումներուն», նշած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բանբերը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2020