ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԵՒ ՃԷՅՔ ՍԱԼԸՎԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման սկիզբին զրուցակիցները իրարու փոխանցեցին երկու երկիրներու առաջնորդներու՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ողջոյնի խօսքերը։ Երեւան-Ուաշինկթըն բարձր մակարդակի այս շփման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ եւ տարածաշրջանէ ներս անվտանգային միջավայրին վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Նոյն ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն, որոնք անվտանգային յաւելեալ երաշխիքներ կը ստեղծեն երկարաժամկէտ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու ձեռքբերումներուն, որոնք առանձնայատուկ դերակատարութիւն ունին հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։

Հանդիպման վերջաւորութեան Արմէն Գրիգորեան Ճէյք Սալըվընը հրաւիրեց այցելել Հայաստան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021