ԳԱԳԱԹԻ ՎՐԱՅ ԲՈՒՌՆ ԵՐԹԵՒԵԿ

Արցախի երկրորդ պատերազմէն շուրջ տարի մը անց, Երեւան-Պաքու առանցքին գագաթի վրայ երթեւեկը թափ կը ստանայ։ Թէեւ միշտ միջնորդաւորուած, սակայն, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շփումները աննախընթացօրէն խտացած են։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ՝ այս անգամ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ։ Փաշինեան-Մաքրոն-Ալիեւ եռակողմանի հանդիպման կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ որեւէ մանրամասնութիւն առայժմ չէ հաղորդուած։ Ծանօթ է, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար Եւրոմիութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու գագաթաժողովին։ Երէկուան այս գագաթաժողովի սկսելէն անմիջապէս առաջ, Փաշինեան եւ Ալիեւ մէկտեղուած էին ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Երկար ժամանակ առաջ հրապարակուած այդ ժամադրութեան տեւողութեան Շարլ Միշել նաեւ միջոց մը առանձին թողած էր երկու ղեկավարները։ Պրիւքսելի գագաթաժողովի աւարտին ալ, արդէն գրեթէ օր մը վերջ, Փաշինեան եւ Ալիեւ դարձեալ տեսակցեցան՝ այս անգամ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ։ Իրերայաջորդ այս հանդիպումները կը ցոլացնեն որոշ տրամաբանութիւն մը։ Յետպատերազմեան շրջանին Փաշինեանի եւ Ալիեւի բոլոր հանդիպումները տեղի կ՚ունենային Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ ու ներկայութեամբ։ Սա արդէն հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրած ղեկավարներու ձեւաչափն էր։ Անցեալ 26 նոյեմբերին այս ձեւաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սոչիի մէջ, մինչ արդէն յայտնի էր, որ պիտի յաջորդէր Պրիւքսելի ժամադրութիւնը։ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը առաջին անգամ հրադադարը ստորագրած ղեկավարներու ձեւաչափէն դուրս հարթութեան մը վրայ մէկտեղեց Փաշինեանն ու Ալիեւը։ Իսկ Էմմանիւէլ Մաքրոնի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը ունի ուրիշ առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ Ֆրանսա կը հանդիսանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին։ Այսինքն, վերջին գագաթաժողովները կը ցոլացնեն Հարաւային Կովկասի այժմու իրադրութեան վերաբերեալ միջազգային դերակատարներու մօտեցումները։ Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ գագաթաժողովը միշտ կը պահպանէ հրադադարը ստորագրած ղեկավարներու առանցքը։ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումը ինչ-որ ձեւով կը խորհրդանշէ տարածաշրջան վերադառնալու ուղղեալ Արեւմուտքի ջանքերը՝ ի դէմս Եւրոմիութեան։ Անշուշտ, Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ հանդիպումը կը նշանակէ նաեւ, որ Երեւանն ու Պաքուն ալ համամիտ են Արեւմուտքի դերակատարութեան աշխուժացման։ Բնականաբար, այդ բանը չի կրնար տեղի ունենալ ի հեճուկս Մոսկուայի։ Այս կէտին վրայ է, որ կը բիւրեղանայ նաեւ Մաքրոնի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման նշանակութիւնը, որովհետեւ Արեւմտեան դերակատար մը ըլլալու առընթեր, Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէն մին է՝ Ռուսաստանի հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման օրն իսկ Մաքրոնի եւ Փութինի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։

Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յոյս յայտնեց, թէ Պրիւքսելի քննարկումները կը նպաստեն Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ շփումներու շարունակուիլը։ Բանբերին խօսքով՝ Փաշինեան-Ալիեւ քննարկումներու բովանդակութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը կը վերլուծուի Ռուսաստանի կողմէ։ Մոսկուա յոյս ունի, թէ Պրիւքսելի քննարկումներու արդիւնքները կը նպաստեն Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ՝ նախորդ երեք հանդիպումներուն գոյացած համաձայնութիւններու ապագայ իրականացման։

Ի տարբերութիւն Մոսկուայէն՝ Փարիզի արձագանգը աւելի տարբեր շեշտադրում ունեցաւ Պրիւքսելի երէկուան եռակողմանի հանդիպման շուրջ։ Ընկերային  ցանցերու վրայ Էմմանիւէլ Մաքրոն հանդէս եկաւ հետեւեալ գրառումով. «Մենք երբեք չենք լքեր հայերը։ Մենք միշտ կը փնտռենք լուծումներ տեւական խաղաղութեան համար։ Իմ կոչն է, որ տօներու այս շրջանը դառնայ մարդասիրական յառաջընթացի ու հաշտեցման շրջան»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Գագաթի վրայ ապրուած այս բուռն երթեւեկէն վերջ, Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ միշտ հակադիր շեշտադրումները ուշադրութիւն կը գրաւեն։ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ, Հայաստանի կառավարութեան ժողովի սկիզբին տեղեկացուց, որ Ալիեւի հետ վերահաստատած են Երասխ-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի կառուցման որոշումը։ Ժողովի օրակարգի նիւթերը քննարկելու ձեռնարկելէ առաջ Փաշինեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Պրիւքսելի հանդիպումներուն գոյացած համաձայնութիւններուն շուրջ։ Վարչապետը նշեց, որ այդ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման հետամուտ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի աշխատանքային խումբի քննարկումներու արդիւնքով։ Երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներուն կողմէ ծաւալուած գործունէութեան արդիւնքով ապահովուած է այս որոշումը, որ, ըստ էութեան, արձանագրուած է Սոչիի եռակողմանի հանդիպման ժամանակ։ Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպման ընթացքին ալ, ըստ էութեան, այս բոլորը արձանագրուած է։

«Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ երկաթուղին կը գործէ սահմանային եւ մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոններուն համաձայն, փոխադարձութեան սկզբունքով եւ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ։ Հայաստան այս երկաթուղիով հասանելիութիւն պիտի ստանայ դէպի Իրան եւ Ռուսաստան։ Ատրպէյճան երկաթուղային կապ պիտի ստանայ Նախիջեւանի հետ։

«Կ՚ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել յաւելեալի վրայ։ Եթէ մենք յաջողինք որոշ երկխօսութիւն սկսիլ, արդիւնաւէտ երկխօսութիւն Թուրքիոյ հետ, յաջողինք հասնիլ սահմանի եւ հաղորդակցութիւններու բացման, այս նախագիծը կրնայ շատ աւելի մեծ ծաւալ ստանալ։ Այսինքն, ըստ էութեան, երկաթուղին, որու մասին կը խօսինք, Երասխէն մինչեւ Կիւմրի գոյութիւն ունի։ Գիտէք, որ Կիւմրիէն Կարս երկաթուղի նոյնպէս գոյութիւն ունի։ Բայց այս ամէն ինչը ես կ՚ըսեմ հետեւեալին համար։ Մենք պիտի սկսինք երկաթուղիի շինարարութեան։ Ի հարկէ, մինչեւ բուն շինարարութիւնը ընելիք մեծ աշխատանք կայ՝ նախագծելու, մրցոյթներ յայտարարելու, համաձայնութիւններ ձեռք բերելու։ Ի հարկէ, այդ աշխատանքի մէկ մասը արդէն իսկ կատարուած է, բայց հիմա մենք արդէն գործնական եւ ամենօրեայ աշխատանքով լուծենք այս խնդիրը։ Ի հարկէ, աւելի նեղ կազմով խորհրդակցութիւն կ՚ընենք յառաջիկայ օրերուն, որպէսզի աւելի համակարգենք մեր պատկերացումները, ժամանակացոյցը, ճանապարհային քարտէսը։ Եւ, ի հարկէ, մեր մտադրութիւնն ու ցանկութիւնն է՝ օր առաջ ունենալ այդ երկաթուղին», ըսաւ ժողովի ընթացքին վարչապետը։

Այս բոլորէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ չի փափաքիր գերագնահատել այս համաձայնութեան ու նախագիծի նշանակութիւնը, բայց միւս կողմէ, չ՚ուզեր նաեւ թերագնահատել։ «Սա կարեւոր պայմանաւորուածութիւն մըն է, որ, ի հարկէ, կը յուսամ՝ ճշգրիտ ձեւով կ՚իրագործենք եւ այդ մէկը էականօրէն կը փոխէ տարածաշրջանի տնտեսական, ներդրումային, ի հարկէ, նաեւ քաղաքական եւ անվտանգային միջավայրը։ Եւ մենք յառաջիկային պէտք է կեդրոնանանք նաեւ այս խնդրի լուծման վրայ։ Ի հարկէ, նաեւ տեղեկացուցած եմ, որ Ատրպէյճանի նախագահին հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, թէ շփումները կը շարունակենք՝ մեր օրակարգի հարցերուն շուրջ, փորձելով ձեւաւորել եւ ձեւակերպել ընդհանուր տեսակէտներ ու մօտեցումներ։ Այսինքն, համաձայնեցնել եւ յաղթահարել այն տարաձայնութիւնները, որոնք առկայ են», եզրակացուց Փաշինեան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Իլհամ Ալիեւ միջազգային մամուլին տուած զանազան հարցազրոյցներով կը շարունակէ պատգամներ տալ Պաքուի որդեգրած ընթացքին շուրջ։ Սպանական «El Pais»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան յաջողած է Հայաստանը համոզել դէպի Նախիջեւան ճանապարհի մը բացման անխուսափելիութեան հարցին մէջ։ «Աւելի առաջ Հայաստան դէմ էր մայրուղիի մը բացման, բայց մենք կարողացանք համոզել, թէ սա անխուսափելի է եւ անոնք համաձայն են։ Այսպէսով կայ համաձայնութիւն։ Այժմ մենք կը քննարկենք այդ միջանցքներու իրաւական դրութիւնը, մասնաւորապէս՝ Զանգեզուրի միջանցքինը, որ Ատրպէյճանէն կ՚անցնի Հայաստան, իսկ յետոյ Նախիջեւան։ Մենք տակաւին որոշ չլուծուած խնդիրներ ունինք։ Կը կարծեմ՝ երկու երկիրներն ալ համոզուած են, թէ սա պէտք է տեղի ունենայ։ Ի դէպ, նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ անցեալ ամիս Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման ժամանակ մենք ընդունեցինք հռչակագիր, ուր բացայայտ կը խօսուի հաղորդակցութիւններու բացման մասին։ Եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ Ի դէպ, օդային մարզը արդէն աշխուժացած է։ Ատրպէյճանի օդային ընկերութեան օդանաւները այժմ Հայաստանի օդային մարզի վրայով կ՚իրականցնեն Պաքու-Նախիջեւան թռիչքները», նշած է Ալիեւ հարցազրոյցին մէջ։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Իլհամ Ալիեւ ընդգծած է, որ իրենք կը փափաքին բանալ սահմանները։ Ցայսօր քանի մը բանակցութիւններ տեղի ունեցած են եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակէն ներս, փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ։ Այս աշխատանքային խումբի հիմնական աշխատանքն ու խնդիրը հաղորդակցութիւններու բացումն է։ Բանակցութիւններու քանի մը փուլեր յարաբերաբար յաջող անցած են։ Այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան բացման շուրջ լիարժէք պայմանաւորուածութիւն կայ։ «Ազատագրուած շրջաններուն մէջ մենք սկսած ենք քանդուած երկաթուղիի կառուցումը դէպի Հայաստանի հետ սահման», ըսաւ Ալիեւ։

Բաց աստի, «El Pais»ին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Իլհամ Ալիեւ շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորուած է ու կարիք չկայ վերադառնալու կարգավիճակի վերաբերեալ որեւէ քննարկման։ «Ատրպէյճանի դիրքորոշումը բաց եւ յստակ է։ Խաղաղութիւն կ՚ուզենք, պատերազմ չենք ուզեր։ Յաղթած ենք պատերազմի մէջ, պէտք է հաշուի առնել այս իրականութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորուած է։ Կարիք չկայ վերադառնալու կարգավիճակի մասին որեւէ քննարկման։ Մենք այդ հարցը լուծած ենք ուժի եւ քաղաքականութեան միջոցաւ։ Հայաստան պէտք է զերծ մնայ թշնամական գործողութիւններէ ու տարածքային պահանջներ ներկայացնելէ եւ պէտք է աշխատի խաղաղութեան համաձայնագրի վրայ։ Ամէն պարագայի, հարեւաններ ենք եւ մեզմէ ոչ մէկը կը պատրաստուի այլ մոլորակ մը ներխուժել։ Պէտք է սորվինք ապրիլ մէկս միւսի կողքին ու քիչ-քիչ գետին պատրաստել յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ ներառեալ, անձերու միջեւ շփումներու համար», նշեց Ալիեւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021