ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Անգարայի կողմէ՝ որպէս յատուկ ներկայացուցիչ պաշտօնի կոչուելիք անունը արդէն յայտնի է։ Այսպէս, այդ առաքելութիւնը պիտի իրականացնէ փորձառու դիւանագէտ մը՝ Սերտար Քըլըչ, որ եղած է Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպանը։

Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման ծիրին մէջ փոխադարձ դրական յայտարարութիւններ կը կատարուին։ «Մենք ամէն նիւթի շուրջ կը խորհրդակցինք Ատրպէյճանի հետ եւ այսպիսի քայլերը կ՚առնենք անոր գիտակցութեամբ։ Ոեւէ մէկը թող չհարցաքննէ, թէ կրնա՞նք Ատրպէյճանէն անկախ կամ զատ վարուիլ։ Մէկ ազգ, երկու պետութիւն ենք։ Այս բոլորը դրական բաներ են եւ օգտակար պիտի ըլլան բոլորիս համար», ըսաւ Չավուշօղլու։

Սերտար Քըլըչի որպէս յատուկ ներկայացուցիչ նշանակման լոյսին տակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ անհրաժեշտ են քայլեր, որոնց շնորհիւ փոխադարձ վստահութիւնը պիտի ամրապնդուի։ «Մէկ կողմէ քայլեր կ՚առնուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ։ Մէկ կողմէ ալ մենք նկատեցինք, որ օգտակար պիտի ըլլայ Ատրպէյճան-Հայաստան վստահութեան բարձրացման քայլերուն զուգահեռ՝ մեր եւ Հայաստանի միջեւ ալ քայլերու առնուիլը։ Հանրապետութեան նախագահին ալ հաւանութեամբ որպէս մասնաւոր ներկայացուցիչ պաշտօնի պիտի կոչենք Ուաշինկթընի մօտ մեր նախկին դեսպանը՝ Սերտար Քըլըչը», ըսաւ Չավուշօղլու։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը տեղեկացուց, որ զանազան օդային ընկերութիւններ դիմում ներկայացուցած են Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներու կազմակերպման համար։ Իր խօսքով՝ Ղարաբաղի յաղթանակէն վերջ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շարունակ դրական պատգամներ կու տան։ «Մասնաւորապէս մեծ իմաստ կը ներկայացնէ Հայաստանի հետ ծաւալուն խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստեղծելու ուղղեալ Ատրպէյճանի առաջարկը։ Սա կը ցոլացնէ Ատրպէյճանի հետ մեր մտադրութիւնն ու ընկալումը», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ Թուրքիա կը ձգտի տեսնել այնպիսի համատեղ ծրագրեր, որոնք տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան, կայունութեան ու տնտեսական զարգացման պիտի նպաստեն։ Փոխադարձ թռիչքներու կազմակերպման վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելով՝ Չավուշօղլու նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի օդային ընկերութիւններուն կողմէ ներկայացուած դիմումները կ՚արժեւորուին մեր Հաղորդակցութեան նախարարութեան եւ Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ «Սկզբունքօրէն կը դիտարկենք դրական։ Յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարուի, թէ ո՛ր ընկերութիւնները պիտի կարողանան թռիչքներ իրականացնել», ըսաւ Չավուշօղլու։

Վերջին օրերուն Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ակնկալուած բնականոնացման հորիզոնին վերաբերեալ յաճախ կը խօսի Չավուշօղլու, որ այս վերջին յայտարարութիւններուն մէջ յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան դրական քայլեր կ՚առնէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անդորրութեան ուղղութեամբ։ «Մենք անկեղծ ենք։ Ատրպէյճանի ալ միակ նպատակն էր՝ ետ առնել իր բռնագրաւուած տարածքները։ Վերջին հաշուով Ատրպէյճանն ալ բարեացակամ է, եթէ խաղաղութեան համաձայնագիր կ՚առաջարկէ», եզրակացուց Չավուշօղլու։

Յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարով Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ փոխադարձ յատուկ ներկայացուցիչներ պաշտօնի կոչելու որոշումը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու մասին յայտարարութիւնը»։

«Bloomberg» հաղորդած էր, որ Անգարա Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ քայլերը կ՚առնէ սիրաշահելու համար Ուաշինկթընը։ Արդարեւ, աղբիւրը պնդած էր, որ այս նիւթը օրակարգի վրայ եկած է Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ մօտաւոր անցեալին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ժամանակ։

Երէկ, Մոսկուան ալ ողջունեց Անգարայի եւ Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ երկկողմանի երկխօսութիւն սկսելու ուղղութեամբ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տրամաբանական ու ողջամիտ քայլ մը որակեց՝ այս նպատակով յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումը։ Ռուսական կողմը Անգարայի եւ Երեւանի այժմու տրամադրութիւնը ողջունելի կը համարէ ու պատրաստ է այդ գործընթացին աջակցելու՝ տարածաշրջանէ ներս իրավիճակի առողջացման շահերու մեկնակէտով։

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս ընդհանուր իրավիճակի առողջացման, կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս եւ, ի հարկէ, երկիրներու ու ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան ու բարիդրացիութեան առողջ մթնոլորտի ձեւաւորման։ Այս տեսանկիւնէն մենք կ՚ողջունենք Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ վերջերս ցուցաբերուած պատրաստակամութիւնը՝ սկսելու երկկողմանի երկխօսութիւն՝ քննարկելու կարգաւորման խնդիրները։ Կողմերու այս նպատակով յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելը տրամաբանական ու ողջամիտ քայլ մըն է այդ ձգտումը զարգացնելու համար։ Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք ամէն ձեւով աջակցիլ այդ գործընթացին», յայտնեց Մարիա Զախարովա։

Երբ Անգարայի կողմէ առաջին յայտարարութիւնը քանի մը օր առաջ կատարուած էր փոխադարձ յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման որոշման մասին, Երեւան անմիջապէս արձագանգելով հաստատած էր այդ լուրերը։ Այժմ, երբ Անգարայի կողմէ պաշտօնապէս հրապարակուած է թուրք յատուկ ներկայացուցիչին անունը, Երեւանէն առայժմ չէ յստակեցուած, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ այդ գործընթացին մէջ հայ յատուկ ներկայացուցիչը։

Ընդհանրապէս, Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները կը շարունակեն վերապահութեամբ հանդէս գալ այս փուլին։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան միջոց մը առաջ ըրած էր յայտարարութիւններ, որոնց հիման վրայ յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին Թուրքիոյ այժմու նախապայմանն է Զանգեզուրի միջանցքի բացուիլը։ Այժմ, երբ արդէն գործնական փուլ թեւակոխած է ամէն ինչ, Հայաստանի ընդդիմութիւնը միշտ օրակարգի վրայ կը բերէ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութիւնը արդէն կատարած է այդպիսի զիջումներ։ Մասնաւորապէս Ուաշինկթընի ալ աշխուժացման երեւոյթի լոյսին տակ ընդդիմադիր շրջանակները եւ զանազան վերլուծաբաններ հանդէս կու գան խոր մտահոգութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեան ընկերային ցանցերու վրայ մատնանշած է հետեւեալը. «Որեւէ փուլի մէջ, երբ նման հնարաւորութիւն եղած է, Ուաշինկթըն աջակցած է հայ-թրքական գործընթացին։ Հիմա ամերիկեան քաղաքականութեան աշխուժացումը պայմանաւորուած է նաեւ այս գործընթացով։ Բոլորն ալ կը հասկնան, թէ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստան բաւարարած է Թուրքիոյ բոլոր նախապայմանները եւ սա կը դիտարկուի որպէս պատմական պահ։ Բոլորն ալ կը հասկնան նաեւ, որ Հայաստան ետ քաշուած է իր ռազմավարական շահերէն ու պատրաստ է միակողմանի եւ անվերջ զիջումներու՝ ներառեալ ազգային անվտանգութեան հաշուոյն։ Հիմա բոլորը մեզ պիտի քաջալերեն երթալ հաշտեցման ճանապարհով (Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ), որովհետեւ մենք պատրաստ ենք զիջումներու՝ ներառեալ մեր տարածքի, Արցախի եւ մեր ինքնիշխանութեան հաշուոյն»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021