ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՆ՝ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը։ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ երկու նախագահներուն տեսակցութիւնը, որու ընթացքին անոնք համաձայնեցան երկկողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ քննարկուեցան ԱՄՆ-ի եւ Ղազախիստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ուժեղացման վերաբերեալ հարցեր։ Թրամփ եւ Նազարպայեւ պայմանաւորուեցան՝ որպէսզի ամրապնդեն համագործակցութիւնը քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտին մէջ։

ԱՄՆ-ի պետական գործակալութեան աղբիւրներն ալ յայտնեցին, որ Նազարպայեւի Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին Ղազախիստան 2.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ամերիկեան արտադրանք եւ ծառայութիւններ գնած է։ Նազարպայեւ յայտնած է, որ իր երկիրը ԱՄՆ-ի հետ կը շարունակէ համագործակցիլ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018