ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՇՔԱՆՇԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ Ամանորին Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի ղեկավար Յովհաննէս Չեքիճեանը արժանացուցած էր երկրի բարձրագոյն՝ ազգային հերոսի կոչման։ Այդ հիման վրայ, երէկ նախագահական ապարանքին մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանին։ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնեց Յովհաննէս Չեքիճեանի շքանշանը։ Ներկայ էին պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր, արուեստի եւ գիտութեան աշխարհէն ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ այլ հիւրեր։ Յովհաննէս Չեքիճեան այս կոչումին արժանի դասուած է՝ Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու ազգանուէր գործին մէջ դրսեւորած անմնացորդ նուիրումի, մշակոյթի բնագաւառին մէջ ներդրած անձնական մեծ աւանդին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու համար։

Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Յովհաննէս Չեքիճեանի մասին արտայայտուեցաւ հայկական երաժշտութեան առասպելական դէմքերէն Տիգրան Մանսուրեան։ Նախագահ Սարգսեանն ալ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Յովհաննէս Չեքիճեանի մասին։

Հայրենիքի շքանշանը ստանալէ վերջ Յովհաննէս Չեքիճեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով, որու ընթացքին երախտագիտութիւն յայտնեց նման բարձր պարգեւի մը արժանի դասուած ըլլալուն համար։ Մաէսթրոն յայտնեց, որ այդ մէկը պիտի կրէ սիրով, հպարտութեամբ ու մեծ պատասխանատուութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018