ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Մոշէ Լիոնին։ Իր կարգին, քաղաքապետն ալ նորին ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։

Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին եւ հայ համայնքին վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019