ՄԵՆՊԻՉԻ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու Սուրիայէ դուրսբերման հարցը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը, երէկ Մենպիչի մէջ ամերիկացի զինուորներու դէմ կատարուեցաւ յարձակում մը։ Մենպիչի ճաշարաններէն մէկուն առջեւ պայթեցաւ կենդանի ռումբ մը։ Այդ ճաշարանը ընդհանրապէս կը յաճախէին ամերիկացիներ։ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) կողմէ կատարուեցաւ այս յարձակումը, որուն զոհ գնաց տասնչորս հոգի։ Մահացողներէն չորսը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է։ Տասնինն հոգի ալ վիրաւորուեցաւ այս դէպքին հետեւանքով։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեղքայլ չ՚ըներ ահաբեկչական յարձակումներու դիմաց։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով պախարակեց այս ահաբեկչական յարձակումը։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019