ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի Պապական նուիրակ Ճոզըֆ Սփիթըրն Եպիսկոպոսը։ Այս այցելութեան նպատակն էր Կիլիկեան Աթոռի գահակալին փոխանցել Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի ողջոյններն ու Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ բարեմաղթանքները՝ համապատասխան բովանդակութեամբ նամակով մը։ Զրոյցի ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս պապական նուիրակէն խնդրեց իր եղբայրական փոխադարձ ողջոյնները փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին։ Ան ընդգծեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած կապերը համագործակցութեան նոյն ոգիով պիտի շարունակուին՝ յատկապէս միջեկեղեցական գետնի վրայ։

Տեսակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան այն հարցերուն շուրջ, որոնք կը յուզեն ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Լիբանանը։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020