ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՅԱՋՈՐԴ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ՝ 28 ԱՊՐԻԼԻՆ

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 Ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:

Մէջբերելով 38 տարեկան կռփամարտիկին խօսքերը՝ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ շատ հաւանական է, որ Աբրահամ քանի մը մենամարտ ետք աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը, բայց մնայ մարզաշխարհին մէջ:

Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին կը գտնուէր Հայաստան, ուր ներկայ եղաւ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական ախոյենութեան աւարտական ճակատումներուն:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018