ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ՝ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց, որ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալու առաջարկը։

Սերժ Սարգսեանի հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Սարգսեան նշեց, որ յառաջիկային երկու ոլորտներու նկատմամբ պիտի ցուցաբերէ առաջնահերթութիւն։ Այդ բնագաւառներէն մին է կրթութիւնը, իսկ միւսը՝ քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդումը։ «Մենք որպէս մեծ ազգ, բայց համեմատաբար փոքր երկիր, կրնանք յառաջ ընթանալ եւ զարգանալ, միայն եթէ կարողանանք իսկապէս ամրացնել քաղաքացիական հասարակութիւնը ու դարձեալ քաջալերել եւ ամրապնդել քաղաքացիի ոգին», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԻՒՆԻԽ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով ան մասնակցութիւն կը բերէ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին։ Նախատեսուած է նաեւ Սարգսեանի ելոյթը համաժողովի ծրագրին մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018