ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇՐՋԱՆ

Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ: Գարնանային մրցաշարքը կը սկսի նախատեսուածէն առաջ, այսինքն՝ ոչ թէ Մարտի սկիզբը, այլ՝ ձմրան վերջին օրը:

28 Փետրուարին տեղի կ՚ունենան 2 մրցումներ, իսկ 1 Մարտին՝ 2 այլ մրցումներ, 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Փոփոխութեան պատճառը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք բարեկամական երկու մրցումներն են, որոնք տեղի պիտի ունենան 24 Մարտին (Էսթոնիոյ դէմ) եւ 27 Մարտին (Լիթուանիոյ դէմ):

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018