ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԱՆՑԱՒ…

ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյենութեան բաժակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:

Այս բաժակը Հայաստան բերաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 1998-ի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Քրիսթիան Քարամպէօ:

«Երբ այս բաժակը բարձրացուցի, Ֆրանսայի կազմին մէջ էին նաեւ երկու հայեր՝ Եուրի Ճորքայէֆն ու Ալէն Պօղոսեանը: Շատ հպարտ եմ, որ այս բաժակը կը ներկայացնեմ անոնց հայրենիքին մէջ», ըսաւ Քարամպէօ:

Ախոյենութեան այս բաժակին չորրորդ շրջագայութեան պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ Սեպտեմբեր 2017-ին, 2018-ի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը հիւրընկալող երկրէն՝ Ռուսաստանէն: Մինչեւ Մայիս անիկա պիտի ըլլայ 91 քաղաքներու մէջ՝ կտրելով աւելի քան 126 հազար քիլօմեթր:

Այս առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսէն ետք, այդ բաժակը բերուեցաւ Ազատութեան հրապարակ, ուր Քարամպէօ ներկայ գտնուողները հայերէնով ողջունեց՝ «Բարի օր, Երեւան», ըսելով:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018