ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ

Հոլանտայի մէջ համախոհական իշխանութեան մասնակից չորս կուսակցութիւնները կը պատրաստուին խորհրդարանի մէջ հաւանութիւն տալ՝ հայկական հարցին շուրջ պատրաստուած երկու բանաձեւերու։ «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, այդ երկու բանաձեւերուն հեղինակն է Քրիստոնէական միութեան կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ժոէլ Վորտեւինտ։ Այս վերջինը պատրաստած է երկու նախագիծ, որոնցմէ մին կը նախատեսէ 1915 թուականի դէպքերը ճանչնալ որպէս ցեղասպանութիւն, իսկ միւս նախագիծը կ՚ենթադրէ Հոլանտայէն նախարարի մը 24 Ապրիլին Հայաստանի մէջ կազմակերպուող ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերելը։

Տեղական մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ այս իրադարձութեան՝ մանաւանդ, որ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի միջեւ ներկայիս կ՚ապրուին որոշ լարուածութիւններ։ Անցեալ շաբաթ Հոլանտա պաշտօնապէս ետ կանչած էր Անգարայի մօտ իր դեսպանը եւ այսպէսով առկախած՝ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական առաքելութիւնները։ Ներկայիս, Հոլանտայի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի չորս կուսակցութիւններէ բաղկացեալ համախոհական կառավարութիւն մը եւ այդ չորս կուսակցութիւններն ալ ներկայ պայմաններով կը պաշտպանեն այդ երկու բանաձեւերը։ Կառավարութեան մասնակից կուսակցութիւնները կը ծրագրեն յառաջիկայ շաբաթ այդ բանաձեւերը բերել ներկայացուցիչներու խորհուրդի օրակարգին վրայ։ Այդ մէկը Հոլանտայի խորհրդարանի ստորադաս պալատն է։

Տեղական մասուլը այս իրադարձութեան զուգահեռ նոյնպէս կը յիշեցնէ, որ 2016 թուականի Ապրիլի նախօրեակին Հոլանտա թոյլտուութիւն չէր տուած այն թուրք քաղաքական գործիչներուն, որոնք փափաքած էին խօսք ուղղել այդ երկրի թուրք քաղաքացիներուն։ Այդ շրջանի նախարարներէն Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա փափաքած էր Գերմանիոյ վրայով ցամաքային ճամբով մուտք գործել Հոլանտա, սակայն անոր արտօնութիւն չէր տրուած եւ այս երեւոյթը պատճառ դարձած էր դիւանագիտական ճգնաժամի մը։ Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման համար պահանջած էր, որ Հոլանտա ներողութիւն խնդրէ նախարարէն, սակայն այդ առաջարկի մերժուելուն բերումով առկախուած էին դիւանագիտական յարաբերութիւնները։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018