ՎԱՆԵԼ ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան կոչ ուղղեց, որպէսզի հայութիւնը վանէ յոռետեսութիւնը։

«Արմնիւզ» հեռուստակայանը երէկ երեկոյեան հրապարակեց Սերժ Սարգսեանի հետ կատարուած բացառիկ հարցազրոյցի երկրորդ բաժինը, որ արդէն վերջինն էր։ Ի շարունակութիւն հարցազրոյցի առաջին բաժնի տեւողութեան կատարած բացայայտումներուն, դիտարկումներուն, մեկնաբանութիւններուն եւ հետեւութիւններուն՝ Սերժ Սարգսեան երէկ ալ իսկապէս պատմական բնոյթով խորհրդածութիւններ ըրաւ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմէն վերջ հայութեան դիմագրաւած առկայ աղէտի պայմաններուն ներքեւ ան իր փորձառութեամբ առարկայականօրէն վերլուծեց իրավիճակը եւ բաժնեց ապագայի վերաբերեալ կանխատեսումները։ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ այլեւս երբեք մտադիր չէ պաշտօն մը զբաղեցնելու Հայաստանի մէջ, սակայն ինք եւ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը միշտ աշխոյժ դերակատարութիւն պիտի ունենան երկրի քաղաքական կեանքին մէջ։

Հարցազրոյցի երէկուան բաժնին մէջ Սերժ Սարգսեան հաղորդավարի հարցման պատասխանելով անդրադարձաւ Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան։ Այսպէս, ան բացատրեց, որ Թուրքիա միայն վերջին պատերազմին ժամանակ չէ, այլեւ միշտ աջակցած է Ատրպէյճանին։ Մշտապէս հնարաւոր եղած է հակակշռել Հայաստան-Ռուսաստան դաշնակցային յարաբերութիւններով եւ միջազգային հանրութեան հետ գրագէտ աշխատանքով։ Թէ ինչո՞ւ այս անգամ Թուրքիա այդպէս անթաքոյց ու համեմատաբար աւելի մեծ չափով իր մասնակցութիւնը ունեցաւ՝ միայն մէկ բացատրութիւն ունի. այս ապիկար իշխանութիւններու դիւանագիտութեան եւ անվտանգային քաղաքականութեան տապալումը։ Արմատները հո՛ն պէտք է փնտռել։

Երկարաշունչ հարցազրոյցի աւարտին Սերժ Սարգսեան առկայ համընդհանուր բարոյալքման մթնոլորտին մէջ բացատրեց, թէ ինչպէս կը տեսնէ Հայաստանի եւ Արցախի ապագան։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Ես կը կարծեմ, թէ առաջին բանը, որ պէտք է ընենք՝ Արցախի եւ Հայաստանի  բաժանում թոյլ չտալն է։ Մենք չենք կրնար ունենալ Արցախի վատ ապագայ ու մտածել, թէ Հայաստանի մէջ կարող ենք ունենալ լաւ ապագայ: Անկախ այն բանէն, թէ ինչպիսի՛ ողբերգութեան մը առջեւ մեզ կեցուցին այս անձնատուութեան դաշինքը կնքողները, մենք պէտք է մեզմէ վանենք յուսահատութիւնը: Անկասկած, շատ ծանր վիճակի մէջ ենք։ Անկասկած, տեղի ունեցած է աներեւակայելին, բայց միւս կողմէ ալ մենք ուղղակի պարտաւոր ենք առանց վախնալու վերլուծել իրականութիւնը եւ նայիլ ճշմարտութեան աչքերուն: Մեր պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը եղած է շատ աւելի ծանր վիճակներու մէջ, բայց գտնուած են անձեր, գտնուած են համախոհներ, գտնուած են կամք եւ ուղեղ ունեցող մարդիկ, որոնք կրցած են մեր ժողովուրդը առաջնորդել եւ մենք կրցած ենք ազգովին յառնել աւերակներէն: Այս բանի ապացոյցներէն մէկն ալ այն է, որ իմ սերունդը կարողացաւ կենացմահու կռիւ տալ եւ յաղթել: Դիւրին չէր եւ նոյնիսկ այն պահերուն, երբ կը թուէր, թէ ամէն ինչ վերջացած է, մենք երբեք յանցաւորներ չէինք փնտռեր, բայց ի զօրու էինք գնահատել եւ պատասխանատուութեան կանչել մարդիկ, որոնք իրենց գործը լաւ չէին ըներ: Ի վերջոյ, 30 տարի մենք յաղթած ժողովուրդ էինք եւ աշխարհ մեզ կ՚ընդունէր որպէս այդպիսին։ Մենք հնարաւորութիւն տուած էինք մեր հայրենակիցներուն, որոնք կը բնակին Հայաստանէն հեռու՝ ըլլալ յաղթած ժողովուրդի ներկայացուցիչներ։ Հնարաւորութիւն տուած էինք, որ անոնք կարողանան ներկայացնել այդ յաղթած ժողովուրդը: Ես ինչո՛ւ նաեւ այս դիտանկիւնին վրայ ուշադրութիւն կը դարձնեմ, որովհետեւ շատերը կը խօսին արտագաղթի մասին: Կը կարծեմ, թէ սա ճիշդ մօտեցում չէ: Բոլորը պէտք է հասկնան, որ լքելով Հայաստանը, ուր որ ալ յայտնուին, մի գուցէ անոնց  կենցաղային պայմանները ըլլան աւելի լաւ, գուցէ իրենց երեխաները ուսանին աւելի լաւ դպրոցներու մէջ, բայց անոնք պիտի ըլլան պարտուած ժողովուրդի ներկայացուցիչներ եւ ուզեն թէ չուզեն՝ պիտի չկարողանան իրենց գլուխը բարձրացնել: Պէտք է մնալ Հայաստանի մէջ եւ գիտակցիլ, որ դժուարագոյն աշխատանք կը սպասէ մեզի։ Բոլորս՝ մեծ ու փոքր, պէտք է լծուինք դժուար աշխատանքի, պէտք է գիտակցինք, որ կարճ ժամանակի մէջ ամէն ինչ պիտի չկարողանանք վերականգնել։ Բայց այս գիտակցումով եւ այսպիսի մօտեցումով մենք կարող ենք փրկել իրավիճակը: Այս իշխանութիւնները պէտք է հեռանան, չի կրնար պատասխանատուն մնալ նոյն պաշտօնին վրայ, երբ աղէտալի կտրուկ շրջադարձ եղած է, անհնար է: Եւ պէտք է գան իմ ըսած ընդունակութիւններով օժտուած անհատներ, որպէսզի կարողանան առաջնորդել մեր ժողովուրդը։ Հակառակ պարագային մենք կը կորսնցնենք մեր պետութիւնը եւ որպէս ժողովուրդ՝  կը դադրինք գոյութիւն ունենալէ: Անշուշտ, այս վերջին հանգամանքը ես քիչ հաւանական կը նկատեմ, բայց, եթէ ամէն օր մենք՝ այսքան բանէ յետոյ, տակաւին ինչ-որ բան պէտք է զիջինք, պէտք է ամէն անգամ ստորաքարշութիւն ընենք, որո՞ւ պէտք է այդպիսի կեանքը, որո՞ւ պէտք է այդպիսի ժողովուրդը: Բան մը պէտք է յստակ յիշենք. կ՚օգնեն անոնց, որոնք կը փափաքին դէպի լաւը տանիլ իրենց կեանքը կամ պետութիւնը։ Մուրացկաններուն կը խղճան։ Մենք երբեք մուրացկան չենք եղած եւ պէտք չէ ըլլանք։ Պէտք է կարողանանք ապահովել մեր անվտանգութիւնը եւ կարողանանք բարելաւել մեր ընկերային վիճակը»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021