«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐՑԱԽԻ ՕՐԵՐ»

Մարտ 12 Մարտ 12-ին, Ֆրանսայի Ռոն Ալփ-Օվըրն շրջանի Տեսին Շարփիօ քաղաքին մէջ սկսած են «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկները:

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ հանդիսաւոր բացման արարողութեան ներկայ եղած են Ֆրանսայի մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Տեսին Շարփիոյի քաղաքապետ Լորանս Ֆոթրան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դանիէլ Ղազարեան, Լիոնի մօտ Հայաստանի փոխ-հիւպատոս Գայիանէ Մանուկեան, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ:

Ձեռնարկները սկսած են ֆրասացի լուսանկարիչ Իվան Թրաւըրի «Արցախ. երկրի մը ոգին» խորագրեալ լուսանկարներու ցուցահանդէսի ներկայացումով:

«Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»ու ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ նկարիչ Սիլուէն Սաւոեայի «Ճանապարհորդութիւն դէպի Արցախ» ջրանկարներու շարքը, Առնօ Խայաճանեանի «Մենք ենք մեր սարերը» վաւերագրական ֆիլմի, Հիւլէ Քեշիշեանի «Արցախը 180 վայրկեանի մէջ» պատկերաւոր ֆիլմի ցուցադրութիւնները Թոպոկան թատերասրահին մէջ:

Փառատօնին ծիրէն ներս կը նախատեսուի նաեւ Տեսինի-Շարփիոյի հայ մշակոյթի տան կողմէ, Մարտի 19-ին, կազմակերպել ֆրանսահայ մաթեմաթիքոս, պատմաբան Քլոտ Մութաֆեանի դասախօսութիւնը՝ «Բացայայտել Արցախը» խորագրով:

2017 թուականի Սեպտեմբերի 25-ին բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրուած է Արցախի Ճարտար եւ Ֆրանսայի Տեսին-Շարփիօ քաղաքներուն միջեւ:ին, Ֆրանսայի Ռոն Ալփ-Օվըրն շրջանի Տեսին Շարփիօ քաղաքին մէջ սկսած են «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկները:

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ հանդիսաւոր բացման արարողութեան ներկայ եղած են Ֆրանսայի մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Տեսին Շարփիոյի քաղաքապետ Լորանս Ֆոթրան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դանիէլ Ղազարեան, Լիոնի մօտ Հայաստանի փոխ-հիւպատոս Գայիանէ Մանուկեան, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ:

Ձեռնարկները սկսած են ֆրասացի լուսանկարիչ Իվան Թրաւըրի «Արցախ. երկրի մը ոգին» խորագրեալ լուսանկարներու ցուցահանդէսի ներկայացումով:

«Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»ու ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ նկարիչ Սիլուէն Սաւոեայի «Ճանապարհորդութիւն դէպի Արցախ» ջրանկարներու շարքը, Առնօ Խայաճանեանի «Մենք ենք մեր սարերը» վաւերագրական ֆիլմի, Հիւլէ Քեշիշեանի «Արցախը 180 վայրկեանի մէջ» պատկերաւոր ֆիլմի ցուցադրութիւնները Թոպոկան թատերասրահին մէջ:

Փառատօնին ծիրէն ներս կը նախատեսուի նաեւ Տեսինի-Շարփիոյի հայ մշակոյթի տան կողմէ, Մարտի 19-ին, կազմակերպել ֆրանսահայ մաթեմաթիքոս, պատմաբան Քլոտ Մութաֆեանի դասախօսութիւնը՝ «Բացայայտել Արցախը» խորագրով:

2017 թուականի Սեպտեմբերի 25-ին բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրուած է Արցախի Ճարտար եւ Ֆրանսայի Տեսին-Շարփիօ քաղաքներուն միջեւ:

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018