ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՕՇԻԿԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Հայ արտադրողները մոսկովեան միջազգային ցուցահանդէսին կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքը եւ գործարար կապեր հաստատելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան:

Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ՝ երկրի ութ ձեռնարկութիւն աշխարհի աւելի քան հազար ապրանքանիշներու շարքին, Մարտ 13-16 թուականներուն, Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի «Mosshoes 2018» կօշիկի եւ կաշիէ զարդերու մասնագիտացած ցուցահանդէսին:

«Mosshoes» միջազգային ցուցահանդէսը այս տարի 75-րդ անգամ համախմբած է արտադրողներ աշխարհի երեսուն երկրէ, կը սպասուի աւելի քան տասնհինգ հազար միջին եւ խոշոր գնորդներու, մատակարարներու այցելութեան:

Միասնական տաղաւարի մէջ հայկական ընկերութիւնները միջազգային գնորդներուն կը ներկայացնեն բնական եւ փոխարինող կաշիէ կօշիկներ, պայուսակներ, զարդեր եւ այլ արտադրատեսակներ:

Նախորդ տարի գարնան եւ աշնան կայացած «Mosshoes» ցուցահանդէսներուն իբրեւ արդիւնք՝ հայկական տասնութ ընկերութիւն կնքած է շուրջ 682 միլիոն դրամի արտահանման պայմանագիր:

«Mosshoes-ը Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաշիէ իրերու խոշորագոյն ցուցահանդէսներէն է: Չորս օր, հայ արտադրողները հնարաւորութիւն ունին ներկայացնելու, բանակցելու տասնեակ մատակարարներու հետ, պայմանագիրներ կնքելու, գործարար կապեր հաստատելու, հետեւելու միջազգային միտումներուն եւ, իբրեւ արդիւնք, աւելցնելու արտահանման ծաւալները», նշած է Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի Միջազգային համագործակցութեան խումբի ղեկավար Նարեկ Ալեքսանեան:

Ցուցահանդէսին այս տարի ներկայացուած են «Սիմոնա», «Պապիննի», «Ք&Ք շուզ», «ԼՔՐ», «Լունա», «Էլմա», «Քրիսթի» եւ «Պեպեթթա» ապրանքանիշները:

Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամը միջազգային ցուցահանդէսին հայկական ընկերութիւններու մասնակցութեան աջակցած է արտահանման խթանման Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ:

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018