ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄ

Հայաստանէ ներս թափով նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովին համար, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ վերջերս մամլոյ ասուլիս մը սարքելով անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ըստ իրեն, միջազգային գագաթաժողովի Երեւանի մէջ կազմակերպումով կ՚ակնկալուի Հայաստանէ ներս ֆրանսախօսութեան դիրքերու ամրապնդումը։ Դեսպանը այս հարցին մէջ կ՚ակնկալէ նաեւ տեսնել երկրի իշխանութիւններու ներգրաւուածութիւնը։

«Սա ի լրումն է այլ փաստաթուղթի մը։ Խօսքը կը վերաբերի լեզուի մասին դաշնագրին, զոր Հայաստան ստորագրեց 2012 թուականին։ Սա այն ժամանակ էր, երբ Հայաստանին հնարաւորութիւն տրուեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ ճանչցուելու։ Այդ փաստաթուղթի ստորագրումը կը նշանակէ հայկական կրթական հաստատութիւններէ ներս ֆրանսերէնին յատկացուող տեղի եւ դերի յատկացումը։ Սա կը նշանակէ TV5 հեռուստաալիքի աւելի ընդարձակ հեռարձակման ապահովում, թէ՛ փողոցներու, թէ՛ կրթական ու մշակութային օճախներէ ներս ֆրանսերէն բացատրութիւններու ապահովում», ըսաւ Լաքոթ եւ ընդգծեց, որ ֆրանսախօսութիւնը միայն ֆրանսերէն լեզուի օգտագործումը չէ, այդ միջազգային կազմակերպութիւնը քաղաքական կառոյց մըն է, կը խթանէ ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունքներ եւ սեռերու միջեւ իրաւահաւասարութիւն։ Ան շարունակեց.

«Գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Ան պիտի կայանայ երկրի մը, այնպիսի տարածքաշրջանի մը մէջ, ուր ֆրանսերէնը, ֆրանսախօսութիւնը այնքան ալ մեծ ճանաչում չունի եւ մեր նպատակը Երեւանի մէջ գագաթաժողովի կազմակերպման միջոցաւ ֆրանսախօսութեան հեղինակութեան տարածումը, բարձրացումն է Հայաստանէն իսկ սկսեալ։ Մեզի համար կրկնակի հետաքրքրութիւն եւ իմաստ ունի ֆրանսախօսութեան արժէքներուն, նաեւ Հայաստանի մէջ տարածուիլը, որպէսզի մեր որդեգրած արժեհամակարգը աւելի մեծ հեղինակութիւն կարողանայ վաստկիլ այս տարածքաշրջանէն ներս»։

Նոյն ասուլիսի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ հայ-ֆրանսական կրթական համագործակցութիւնն ալ կ՚արձանագրէ զարգացում։ Երեւանի Ֆրանսական համալսարանէն ներս կը հաստատուի նոր ֆաքիւլթէ մը, իսկ Միջազգային դպրոցէն ներս կը ստեղծուին բարձր դասարաններ։

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018