ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ ԱՅՑ

Թայլանտի թագաւորութեան արքայադուստր Մահա Չաքրի Սիրինտհոր երէկ այցելած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի ուղեկցութեամբ Մահա Չաքրի Սիրինտհոր շրջած է Մատենադարանի թանգարանային համալիրէն ներս եւ ծանօթացած է հայ ձեռագրական ժառանգութեան։

Այքայադուստրը շրջայց կատարած է նաեւ Մատենադարանի արխիւային պահոցին, ձեռագրատան մէջ, ծանօթանալով Մատենադարանի վերականգնման բաժնի աշխատանքներուն։ Շրջայցէն վերջ տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակում։

Այցելութեան աւարտին իր ստացած տպաւորութիւնները արքայադուստրը գրառած է «Մատենադարանի պատուոյ հիւրերու գրառումներուն մատեան»ին մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018