ՎԱԼԵԹԹԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ

Այս տարի Մալթայի մայրաքաղաքը՝ Վալեթթան հռչակուած է Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք։ Այս ամբողջին մէջ երէկ սկսաւ Մալթայի միջազգային փառատօնը, որ կազմակերպուած է Մշակութային աջակցութեան Եւրոպական հիմնադրամին կողմէ։

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հրաւիրուած է՝ որպէս պաշտօնական նուագախումբ  մասնակցելու Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնին։ Այս փառատօնի կալա-համերգը տեղի ունեցաւ երէկ։ Հայաստանի Սիմֆոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցան Մալթայի հանրայայտ արուեստագէտները։

Մինչեւ 1 Մայիս պիտի շարունակուի այս փառատօնը, որու յայտագիրը կ՚ընդգրկէ 18 համերգ՝ հետաքրքրական ձեւաչափերով, փառահեղ երգացանկերով եւ անուանի մենակատարներով։ Երկշաբաթեայ երաժշտական այս տօնին ժամանակ կը հնչեն թէ՛ համաշխարհային դասականներէն եւ թէ արդի հեղինակներէն ստեղծագործութիւններ։ Այդ դասականներու շարքին մէջ կը գտնուի նաեւ Արամ Խաչատուրեան։ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ կ՚ունենան համաշխարհային մեծութեամբ մենակատարներ։ Այս վերջիններու շարքին կը գտնուի աշխարհահռչակ ջութակահար Նարեկ Հախնազարեան։ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հանդէս կու գայ ինչպէս Սերկէյ Սմբատեանի եւ Տիգրան Հախնազարեանի, այնպէս ալ օտար շատ հռչակաւոր խմբավարներու մականին ներքեւ։

Փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած երեկոյթներէն մէկուն ժամանակ Հայաստանի եւ Մալթայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբերը հանդէս կու գան համատեղ՝ կատարելով Արամ Խաչատուրեանի եւ Ալեքսէյ Շորի ստեղծագործութիւնները։ Կը նշուին նաեւ դասական երաժշտութեան երախտաւորներու յոբելեաններ. ինչպէս՝ Սերկէյ Ռահմանինովի 145-ամեակը եւ Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակը։

18-30 Ապրիլին փառատօնի ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենան Հայասատնի մշակոյթի օրերը։ Այս ընթացքին կը ներկայացուի Կոմիտասի, Տիգրան Մանսուրեանի, Արտաւազդ Փելեշեանի եւ այլ մեծերու արուեստը։

Աշխարհի զանազան անկիւններէն Վալեթթա ժամանած դասական երաժշտութեան խստապահանջ ու նրբաճաշակ սիրահարները երկու շաբթուան տեւողութեամբ, գրեթէ ամէն օր (13 համերգ) հնարաւորութիւն կ՚ունենան ունկնդրելու Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին։

Փառատօնը եւ հայկական նուագախումբի համերգները կը լուսաբանուին աշխարհի յառաջատար հեռուստակայաններու կողմէ։ Ապրիլ 22 եւ 23-ի համերգները կը հեռարձակուին Medici.tv-ի կողմէ։ Մնացեալ համերգները կը սփռուին Մալթայի հեռուստատեսութենէն։ Մայիս 1-ի համերգն ալ կը հեռարձակուի Euronews-ի կողմէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018