ԶՕՐԵԱՆԻՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, որ միեւնոյն ժամանակ գլխաւոր ճարտարագէտն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Սինոփսիս» ընկերութեան։ Երուանդ Զօրեան սփիռքահայ յայտնի գործիչ մըն է, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմէ եւ ՀԲԸՄ-ի ջանքերով ստեղծուած Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր-նախագահն է։

Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան հանդիպման ընթացքին Երուանդ Զօրեանը պարգեւատրեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլով։ Այդ մետայլը Երուանդ Զօրեանին շնորհուած է Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան մատուցուած նշանակալի ծառայութիւններու, համահայկական հարթութեան վրայ կապերու ամրապնդման բերուած ներդրման, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելու, ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, հայապահպանութեան ոլորտին մէջ մեծ աւանդ ներդրած ըլլալու համար։

Պարգեւատրման յաջորդած զրոյցին ընթացքին Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան եւ Երուանդ Զօրեան կարեւորեցին սփիւռքը՝ որպէս համաշխարհային ցանց դիտարկելու հնարաւորութիւնը, կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու առընթեր անհատներու ալ ներգրաւումը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019