ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՈՅԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։ Էրտողան իր պաշտօնակիցը դիմաւորեց պաշտօնական արարողութիւնով։ Բանակցութիւններու ընթացքին երկկողմանի համագործակցութիւնը աչքէ անցուեցաւ բոլոր ուղղութիւններով եւ քննարկուեցան զարգացման հեռանկարները։ Էրտողան եւ Լուքաշենքօ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։ Նախագահներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա-Սպիտակ Ռուսիա յարաբերութիւնները կը զարգանան ամուր հիմքերու վրայ։ Իր կարգին, Լուքաշենքոն ալ ըսաւ. «Թուրքիա մեզի համար բացարձակապէս առաջնահերթ երկիր մըն է»։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւաթ Զարիֆը, որ շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019