ԿԱՅԾԱԿՆԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Փարիզի Նոթրը Տամ մայր տաճարի հրդեհն ու ծանր հետեւանքները այս օրերուն առանց չափազանցութեան կը բնորոշեն միջազգային օրակարգը։ Համամարդկային ժառանգութեան այս խորհրդանշական կոթողը թէեւ դարձած է հրոյ ճարակ, սակայն ամբողջ աշխարհ շարժման անցած է անոր վերականգնումը ապահովելու համար եւ ամենակարեւորը՝ Նոթրը Տամի մարմնաւորած արժէքները դարձած են հասարակաց յայտարար։ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ մայր տաճարի հիմնական կառուցուածքը կարելի եղած է պահպանել։ Ֆրանսական հրշէջ գունդի ջանքերով կանխուած են շատ աւելի մեծ վնասներ վերջին պահուն։ Հրդեհի մարուելէն վերջ ժողովուրդը արդէն ծափահարութիւններով հրաժեշտ տուած է հրշէջ գունդի անդամներուն, որոնցմէ շատեր աշխատած են յանձն առնելով մեծ վտանգներ։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Նոթրը Տամի հրդեհին կապակցութեամբ ունեցաւ նոր ելոյթ մը եւ խոստացաւ վերականգնել Նոթրը Տամի տաճարը։ Ամբողջ Ֆրանսան արդէն շարժման անցած է այս ուղղութեամբ։ Ֆրանսայի յառաջատար ընկերութիւնները եւ մեծահարուստ ընտանիքները առաջին իսկ պահէն սկսեալ աստղաբաշխային նուիրատուութիւններ խոստանալ սկսած են Նոթրը Տամի վերանորոգութեան համար։ Այս առաւօտեան դրութեամբ 1 միլիառ եւրոյի սահմանին հասած էր կատարուած հանգանակութիւնը։ «Նոթրը Տամ» հիմնադը-րամին կողմէ կը համակարգուին այդ հանգանակութիւնները, որոնց կը մասնակցին նաեւ Apple-ի նման կլոպալ յառաջատար ընկերութիւններ։ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետն ալ յոյս յայտնեց, որ Փարիզի Նոթրը Տամը կը վերականգնուի։ Ֆրանսական լրասփիւռներուն վրայ կարգ մը մեկնաբաններ ա-կընկալութիւններ օրակարգի վրայ կը բերեն՝ որպէսզի Սրբազան Պապը այս փուլին այցելէ Փարիզ։ Ֆրանսացիներ եւ Փարիզ այցելած զբօսաշրջիկներ այս օրերուն աղօթքի կանգնած են հրկիզեալ մայր տաճարի մերձակայ փողոցներուն մէջ։ Խոնարհուած Նոթրը Տամի յարած հրապարակին վրայ, որ գործնականօրէն այդ հոյակերպ սրբավայրի բակը կը հանդիսանայ, ժո-ղովուրդը երէկ երեկոյեան կ՚աղօթէր՝ Մեծ պահոց նուիրական շրջանին։ Իսկապէս հսկայական զանգուածներու մասին է խօսքը, ինչ որ կը վկայէ, թէ Նոթրը Տամը իսկապէս համամարդկային հոգեւոր արժէք մըն էր։

Ֆրանսա այժմէն բոլոր հնարաւորութիւնները շարժման կ՚անցընէ ապահովելու համար մայր տաճարի վերանորոգութիւնը։ Ֆրանսական օդային ընկերութիւնն ալ երէկ տեղեկացուց, որ անվճար պիտի փոխադրէ բոլոր անոնք, որոնք վերականգնման աշխատանքներուն պիտի մասնակցին։

Հայաշխարհն ալ կը միանայ Նոթրը Տամի հրդեհի պատճառած ծանր աւերով պայմանաւորուած համատարած ցաւին։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արդէն համապատասխան պատգամներ ուղարկած են Մաքրոնին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ երէկ Նոթրը Տամի հրդեհին շուրջ խօսք ուղղեց ֆրանսացիներուն։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ ըսաւ. «Սրտի խոր ցաւով կը հետեւինք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան։ Սուրբ Աստուածամօր տաճարը քրիստոնէական հաւատի բազմադարեայ վկայարաններէն է, իր պատմական առաքելութեան հետ միասին մեր ժամանակներուն նաեւ խորհրդանիշը մեր բարեկամ երկիր Ֆրանսայի։ Աղօթական մեր զօրակցութիւնը կը բերենք բոլոր ֆրանսացիներուն, Կաթոլիկ մեր քոյր եկեղեցւոյ»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019