ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, երէկ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար ու նշեց, որ հանդիպման օրը զգացական տեսակէտէ մեծ նշանակութիւն ունի Փարիզի Նոթրը Տամ մայր տաճարի հրդեհին բերումով։ Այս կապակցութեամբ հայկական կողմի համերաշխութիւնը յայտնեց Ֆրանսային եւ անոր ժողովուրդին։ Զօհրապ Մնացականեան միեւնոյն ժամանակ իր պաշտօնակցին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նամակը՝ հասցէագրուած Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի։ Փաշինեան այդ նամակին մէջ յոյս յայտնած է, թէ համատեղ ջանքերով անհրաժեշտ քայլերը կը ձեռնարկուին՝ Նոթրը Տամի նախկին տեսքը վերականգնելու համար։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ժան-Իվ լը Տրիան գոհունակութիւն յայտնեցին աւանդական բարեկամութեան եւ համընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-ֆրանսական բազմաոլորտ ամուր համագործակցութեան առընչութեամբ՝ ընդգծելով երկուստեք պատրաստակամութիւնը ապահովելու երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակութիւնը նոր նախաձեռնութիւններու միջոցաւ։ Զրուցակիցները նշեցին, որ երկկողմանի օրակարգի աւանդական՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, գիտակրթական մշակութային ուղղութիւններուն վրայ աւելցած է նաեւ համագործակցութիւնը բարձր փորձագիտութիւններու, նորարութեան եւ ստեղծագործ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչ որ մեծ ներուժ ունի։

Առանձնայատուկ կարեւորելով ֆրանսահայ համայնքը՝ նախարարները ընդգծեցին անոր հարուստ պատմութիւնն ու ուրոյն դերակատարութիւնը՝ որպէս կամուրջ երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ օրակարգի հարստացման ուղղութեամբ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ժան-Իվ լը Տրիան անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն եւ կողմերու միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին։ Այս ամբողջին մէջ նշուեցաւ, որ թէ՛ ԵՄ-ի եւ թէ անոր անդամ պետութիւններու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ իրաւական նոր հիմք մը կը հանդիսանայ այս համաձայնագիրը։ Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնն ու քաղաքական կամքը՝ ապահովելու համար այս համաձայնագրի արդիւնաւէտ կիրառումը։ Միեւնոյն ժամանակ, Մնացականեան կարեւորեց վիզաներու ջնջման նպատակով երկխօսութեան մեկնարկի հարցը։ Ան շեշտեց, որ այս գործընթացը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ առաւել ընդլայնելու մարդոց միջեւ շփումները եւ խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ Մնացականեան ֆրանսացի իր պաշտօնակցին ներկայացուց նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները։ Ան վերահաստատեց Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումն ու մօտեցումները՝ հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման գործընթացէն ներս։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար բարենպաստ միջավայրի մը ձեւաւորումը՝ վստահութեան ամրապնդման քայլերու միջոցաւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019