ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ԲՕԹ

Հայաշխարհէն խորհրդանշական դէմքեր այս շրջանին իրերայաջորդ ձեւով կը հեռանան երկրաւոր կեանքէ. ոչ եւս է Վարդան Գրիգորեան, որու կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած է։

Կը հաղորդուի, որ նախընթաց օր երեկոյեան, 87 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկի նախագահ Վարդան Գրիգորեան։ Այս վերջինը անցեալի մէջ եղած էր Նիւ Եորքի գրադարանի եւ «Պրաուն» համալսարանի նախագահը։

Վարդան Գրիգորեան պարսկահայ ընտանիքի մը շառաւիղն էր։ Ան ծնած էր Թաւրիզի մէջ եւ փոքր տարիքին Պէյրութ մեկնած էր՝ աւարտելով տեղւոյն «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը, որ կը գործէ Համազգայինի հովանաւորութեան ներքեւ։ Փայլուն աշակերտ, Վարդան Գրիգորեան շատ երիտասարդ տարիքին գաղթած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր նոյն յաջողութեամբ շարունակած էր իր ուսումը՝ մասնագիտանալով մարդաբանութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն վրայ։ Կեանքի ողջ տեւողութեան ան եղած էր հայ մամուլի համակիր մը եւ միշտ օժանդակած սփիւռքեան զանազան հայկական թերթերու։

«Քառնեկի» հիմնարկի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վարդան Գրիգորեան անակնկալօրէն հիւանդանոց փոխադրուած էր ստամոքսի ցաւի հետեւանքով։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը բաւարար չէ եղած կեանքը փրկելու։

Վարդան Գրիգորեան եղած էր «Պրաուն» համալսարանի առաջին օտարազգի նախագահը։ Արժանացած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ շնորհուած «Ազատութեան» մետայլին։ Գիտնական ու բարերար Վարդան Գրիգորեան վերջին տարիներուն եղած էր «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն մին՝ Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ։ Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկը Վարդան Գրիգորեանի մահուան մասին տեղեկացնելու զուգահեռ ներկայացուցած է նաեւ իր ցաւակցութիւնները։

Երէկ, Վարդան Գրիգորեանի մահուան արձագանգեց նաեւ Երեւանի ղեկավարութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս տխուր առթիւ հրապարակեց ցաւակցական մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Սարգսեանի ցաւակցականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Շատ ցաւալի լուր ստացայ. վախճանած է ամերիկեան ժամանակակից մտքի եւ հայկական աշխարհի փայլուն դէմքերէն մին՝ կրթութեան ու մշակոյթի նուիրեալ, Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկի նախագահ, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր, Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի նախկին նախագահ, «Պրաուն» համալսարանի առաջին օտարազգի նախագահ, ԱՄՆ-ի նախագահի «Ազատութեան» մետայլակիր եւ իմ վաղեմի բարեկամ Վարդան Գրիգորեանը։ Օրեր առաջ եւ իր ծննդեան իսկ օրը՝ ապրիլի 8-ին Վարդան Գրիգորեանին յանձնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը հաստատող անձնագիրը։ Իր ազգի նուիրեալն էր, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման իսկական մեկենաս. բան մը, որու վկայութիւնը իր հայանպաստ հանրային գործունէութիւնն էր։ Մեր անձնական հանդիպումներու ու զրոյցներու, սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած բազում ձեռնարկներու ժամանակ անձամբ առիթ ունեցած եմ համոզուելու այս ուղղութեամբ։ Անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յղեմ Վարդան Գրիգորեանի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ կը բաժնեմ անոնց ծանր վիշտը»։

Այս կորուստին անդրադարձած է նաեւ «The New York Times»։

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021