ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ՝ Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարին դէմ Թուրքիոյ կողմէ արտայայտուած վերապահութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ֆինլանտիա արդէն համապատասխան դիմումը ըրած է, իսկ Շուէտ կը պատրաստուի վաղը առնել այդ քայլը։ Անգարայի վերապահութիւնները յաղթահարելու համար Սթոքհոլմէն պատուիրակութիւն մը կը պատրաստուի այցելութեան փութալ՝ քննարկելու համար առկայ հարցերը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թրքական կողմը կը մնայ անդրդուելի եւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել իր անհանգստութիւններուն կապակցութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ այս մասին։ Ալճերիոյ նախագահ Ապտիւլմեճիտ Թեպպունը Անգարայի մէջ հիւրընկալելու ժամանակ, համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախագահը կրկնեց, որ Թուրքիա հաւանութիւն պիտի չտայ Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ «Թող բնաւ չգան մեզի համոզելու համար, թող չյոգնին», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Շուէտը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու թուխսի կեդրոնն է։ Ան շարունակեց. «Իրենց խորհրդարանէն ներս կը խօսեցնեն ասոնց։ Նոյնիսկ ՓՔՔ-ի կողմնակից ահաբեկիչներ կան իրենց խորհրդարանէն ներս։ Մեզի համոզելո՞ւ պիտի գան. թող չյոգնին։ Նախ եւ առաջ, հաւանութիւն չենք տար, որպէսզի Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ գործադրողները մուտք գործեն ՆԱԹՕ, որ անվտանգութեան կազմակերպութիւն մըն է։ Որովհետեւ այդ ժամանակ ՆԱԹՕ-ն անվտանգութեան կազմակերպութիւն մը ըլլալէ դուրս կու գայ ու կը վերածուի վայրի մը, ուր կը խտանան ահաբեկիչներու ներկայացուցիչները։ Մեր խոցուած տեղէն անգամ մըն ալ չենք խոցուիր»։
Միւս կողմէ, այս հարցին կապակցութեամբ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի միջեւ։ Այս առթիւ Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա կարեւոր դաշնակից մըն է եւ պէտք է յաղթահարուին իր անվտանգութեան մտահոգութիւնները։ «Այս պատմական պահուն պէտք է կանգնինք կողք կողքի», ըսաւ Եէնս Սթոլթենպերկ։