ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պրիւքսել, ուր նախատեսուած են իր հանդիպումները Եւրոմիութեան կարգ մը պաշտօնատարներու հետ։ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է նաեւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի չորրորդ նիստը։ Այս բանակցութիւններու ժամանակ օրակարգի վրայ կու գան Եւրոմիութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի եւ Տնտեսական ու ներդրումային ծրագրի կատարման ընթացքը, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու, նաեւ օրէնքի գերակայութեան ուղղեալ համագործակցութիւնը։ Կարծիքներ կը փոխանակուին նաեւ առեւտրատնտեսական եւ ոլորտային համագործակցութեան, մուտքի արտօնագրերու ազատականացման վերաբերեալ երկխօսութեան սկիզբի հեռանկարներուն շուրջ։ Կը քննարկուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
Ժողովի ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ նախարար Արարատ Միրզոյեան, իսկ եւրոպական պատուիրակութիւնը՝ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել։