ՊՐԻՒՔՍԵԼ. ԹԻՒԵՐՈՎ ԱԿԱՆԱՊԱՏՈՒՄԸ

Պրիւքսելի հանդիպումներէն կարելի է արձանագրել քանի մը կէտ:

Նախ, Պրիւքսելի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները կը վերականգնուին այս ձեւով: Պաքու, փաստօրէն դէմ ըլլալով Փարիզի միջնորդական մասնակցութեան, քառակողմանի ձեւաչափը առկախած էր, որմէ ետք ընդհանրապէս սառած էր նաեւ Պրիւքսելի միջնորդութիւնը: Ատրպէյճան արգելքը վերցուցած է փաստօրէն, որովհետեւ Պրիւքսելի վերագործարկումով չ՚աւարտիր այս նոր գործընթացը: Յայտարարուած է արդէն, որ շուտով Քիշինեւի մէջ կը հանդիպին կողմերու առաջին դէմքերը. Միշելի առընթեր՝ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջին դէմքերու ներկայութեամբ: Պարզ է, որ Ֆրանսայի դէմ Ատրպէյճանի արգելքը վերցուած է:

Նկատենք, որ Ատրպէյճանի ուղղութեամբ Ֆրանսա պաշտօնապէս փոփոխութիւն բերած էր իր յայտարարութիւններուն մէջ: Վերջին շրջանին յայտարարութիւններու փոխադարձ հաւասարակշռման վարքագիծը ինքզինք զգալի կը դարձնէր: Ֆրանսայի հռետորաբանութեան փոփոխութեամբ պայմանաւորուած չէ, սակայն, Պրիւքսելի վերագործարկումը եւ Ֆրանսայի վերադարձը: Պրիւքսելը փոխկապակցուած է Ուաշինկթընին, համաձայնեցուցած՝ անոր հետ եւ Ուաշինկթընի ճնշումով է, որ կը վերստանձնէ միջնորդական առաքելութիւն: Արլինկթընի հանդիպումները ընդգծեցին ամերիկեան ներգրաւուածութեան աստիճանաչափը եւ նախապատրաստեցին Պրիւքսելի հանդիպումը: Պլինքըն պարզ դարձուց, որ իր պետութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ եւ մասնակցիլ խաղաղութեան գործընթացին: Միշել յայտարարեց մօտաւորապէս նոյնը. տեղի պիտի ունենան իրերայաջորդ հանդիպումներ նոյն ձեւաչափով: Միշելի բառերով «մենք պայմանաւորուած ենք Պրիւքսելի հանդիպումները շարունակել այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ է»:

Համադրուած այս բեմագրութիւնը, ըստ էութեան, ունի ուղղակի ուղերձ նախ Մոսկուային: Նոյեմբերեան համաձայնութեան միջնորդը առանձինն պիտի չշարունակէ խաղաղութեան պայմանագրի հասնելու գործընթացը: Հիմա տեսնենք, թէ ի՛նչ նորութիւն բերաւ Պրիւքսելը: Միշելի յայտարարութիւնը կը յատկանշուի քանի մը առանցքով:

Պրիւքսելի վերագործարկման եւ Փարիզի մասնակցութեան արգելքի վերացման դիմաց Պաքուն պէտք է ստացած ըլլայ որոշ երաշխիքներ: Աւելի՛ն, եթէ պահուող անձերու տունդարձը շաբաթներու հարց է, ապա իր պահանջած գինը պէտք է ստացած ըլլայ Պաքուն:

Տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչումը՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիմամբ, տեղ գտած էր դարձեալ Պրիւքսելի նախաձեռնութեամբ՝ 2022-ի հոկտեմբերին, Փրակի հանդիպման հետեւած յայտարարութիւններուն մէջ: Այդ փոխճանաչումի հիման վրայ պիտի իրականանային սահմանազատման եւ սահմանագծման գործողութիւնները: Ատրպէյճան յայտնապէս չէր բաւարարուած այս յայտարարութեամբ: Հիմա տարածքներու յստակ թիւեր գրանցուած են: Ատրպէյճանի 86.600 քառակուսի քիլօմեթրի սահմաններուն մէջ պիտի ճշդուին Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքի հարցերը:

Առանց 86.600 քառակուսի քիլօմեթրի նշումին, ո՛չ ՄԱԿ-ին, ո՛չ ալ Ալմա Աթային յղում կատարելը պիտի ենթադրէր ընդունիլ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ: ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը իրարու հակասող յօդուածներ չեն, իսկ Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումը ազդարարած Ալմա Աթայի հռչակագիրի ընդունումէն առաջ Արցախը արդէն անկախացած էր: Տակաւի՛ն, հայկական կողմը իր վերապահութիւնը ներառել տուած էր այն կէտին, որ կ՚ըսէր, թէ ԱՊՀ-ի անդամ կրնան դառնալ նաեւ այլ պետութիւններ: Հայկական ներկայացուցչութեան առաջարկով ձեւակերպուեցաւ՝ «ինչպէս նաեւ մինչ Ալմա Աթայի հռչակագիրը հանրաքուէով անկախացած միաւորներ (սուպիեկտներ)»:

Այս բոլորին վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ, որ Ատրպէյճան ստորագրած էր հռչակագիրը, սակայն չէր վաւերացուցած։ Պաքուն ո՛չ թէ ԱՊՀ-ի անդամակցութիւնը վաւերացուցած էր, այլ ԱՊՀ-ի կանոնադրութիւնը. կամ՝ մուսաւաթական Ատրպէյճանի ժառանգորդ յայտարարած Ատրպէյճանը ժառանգորդն է նաեւ այդ օրուան Ատրպէյճանի սահմաններուն, որոնք 86.600-ին հետ կապ չունին: Կային նաեւ նման իրաւական այլ փաստացի ուղիներ, որոնց վրայ յենելով Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս կը նկատուէր:

Թուանշաններու ամրագրումը կը փակէ այդ ուղիները: Երեւան չի կրնար ստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, որ կը հակասէ թէ՛ Սահմանադրութեան նախաբան նկատուող Անկախութեան հռչակագրին եւ թէ՛ 1992-ի Գերագոյն խորհուրդի որոշումին:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2023