ԱԿԱՆԱՊԱՏ ՈՒՂԻ…

Աղտամի մէջ, 26 ապրիլին, 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի փակման արարողութեան ընթացքին ռուս հրամանատար զօրավար-գնդապետ Սերկէյ Իսթրաքով շնորհաւորեց Ռուսաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան երրորդութեան կատարած համատեղ աշխատանքը՝ նշելով. «Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարի եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ երեք երկիրներու զինուորականներուն, որոնք յաջողութեամբ կատարեցին իրենց պարտականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, յանուն խաղաղութեան։ Կը յուսամ, թէ մենք կը շարունակենք յաջողութեամբ զարգացնել միջպետական յարաբերութիւնները»։ Ան աւելցուցած է նաեւ, որ Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կը զարգանան բարեկամութեան եւ բարիդրացիութեան ճանապարհով, կ՚իրականացուին մեծ տնտեսական ծրագրեր տարբեր ոլորտներու մէջ։ Ոչ մէկ ակնարկ Արցախի շրջափակման, ցեղային մաքրագործման...

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին Արցախէն մեկնումի արարողութեան ընթացքին ռուս հրամանատարին յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ Ալիեւի ամբողջական յաղթանակը Արցախի մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կ՚ամրագրէ նաեւ արեւմտեան երկիրներու ռուսական զօրքերը Հարաւային Կովկասէն հեռացնելու ռազմավարութեան յաջողութիւնը, որուն գինը վճարեց հայութիւնը՝ Արցախի կորուստով եւ արցախահայութեան հայրենազրկումով։

Մինչ այդ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը ընթացք առաւ, ճիշդ է՝ Ատրպէյճանի սպառնալիքի տակ։ Արդէն 10-12 քմ. երկարութեամբ սահմանազատում կատարուած է Հայաստանի հիւսիս-արեւելքին՝ Տաւուշի եւ Ղազախի շրջաններուն մէջ՝ խորհրդարանական եւ ոչ-խորհրդարանական կարգ մը կուսակցութիւններու եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդդիմութեան պայմաններուն տակ։ Վարչապետը արդէն ամիսէ մը ի վեր կը նախապատրաստէր հողը Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերու՝ Բաղանիսի, Բերքաբերի, Ոսկեպարի, Կիրանցի բնակչութեան հետ տեսակցնելով, համոզելու համար, թէ սահմանազատումը այլընտրանք չունի։

Մինչեւ հիմա որեւէ արտաքին ուժ չէ կրցած կասեցնել Ատրպէյճանի սահմանային յարձակում մը. ինչպէս որ որեւէ գերտէրութիւն չէ յաջողած կասեցնել Արցախի շրջափակումը, ցեղային մաքրագործումը, 120 հազար հոգիի տարագրումը պապենական հողերէն։ Եւ 2020-էն մինչեւ այսօր որեւէ երկիր, միջազգային կառոյց, ուժ կամ դատարան չկրցաւ Ալիեւին պարտադրել, որ ռազմագերիները յանձնէ եւ դադրեցնէ ուժի կիրարկման իր մարտավարութիւնը։

Ուրեմն, Հայաստան այլընտրանք չունի՝ քան կառչիլ միջազգային օրէնքին, 1991-ին Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի անկախացումը հաստատած ու անոր վարչական սահմանները ճշդած փաստաթուղթին՝ յուսալով, թէ գերտէրութիւնները Ալիեւին կը պարտադրեն այդ հռչակագրէն բխած պարտաւորութիւններուն գործադրումը, միեւնոյն ժամանակ քաջ գիտակցելով, որ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան ռազմավարական դաշինք կնքած են ու անոնք միշտ պիտի փորձեն սահմանային լարումներ գրգռել, պատերազմ հրահրել, Հայաստանի իշխանութիւնը թուլցնելով՝ զայն իրենց ենթակայ դարձնելու համար։

Արեւմուտքը՝ յատկապէս ԱՄՆ, Եւրոպա, Գերմանիա, Ֆրանսա... հետեւողական ճնշումներ կը բանեցնեն Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի շարունակէ սահմանազատման գործընթացը։ Պաքու կը թաքցնէ իր մտադրութիւնը։ Կը ջանայ խուսափիլ Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատումի գործընթաց մը սկսելէ՝ շրջանցելով արեւմտեան պետութիւններուն նկատմամբ իր յանձնառութենէն։ Այս բանին լաւագոյն փաստը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի յայտարարութիւնն է. «Երեւանի հետ փոխադարձ ընդունելի արդիւնքներու հասնելու համար լաւագոյն ճամբան է երկկողմանի բանակցութիւնները»։

Այս լարուած իրավիճակը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մղած է արագացնելու սահմանազատման գործընթացը՝ արեւմտեան պետութիւններու նեցուկով։ Այս առթիւ ան Հանրային հեռատեսիլէն յայտարարած է. «Ատրպէյանի պարագային, մեր բոլորին յայտնի հանգամանքներու պայմաններու ներքեւ, պէտք է հնարաւորինս արագ իրականացնել սահմանազատման գործընթացը։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ քանի սահմանը զատուած չէ, հասկանալի է, որ սա հակամարտութեան որոշ առիթ կրնայ դառնալ եւ այս է պատճառը, որ մենք կը սկսինք առաւել մեծ հակամարտութեան վտանգ ներկայացնող տեղերէն, որպէսզի իրադրութիւնը պահենք առաւելագոյնս կառավարելի»։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024