ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ

Անգարայի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քաջալերական պատգամներ հնչեցուցին՝ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին համար։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն, որ Թուրքիա այցելեց բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ։

Պեշթեփէի համալիրէն ներս, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա-Վրաստան յարաբերութիւններուն կարեւոր առանցքներէն մին է տարածաշրջանային համագործակցութիւնը։ Ան Քոպախիծէի հետ արժեւորած է Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի ընթացքը։ Երկու երկիրներու միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ ուժանիւթի բնագաւարէն ներս համագործակցութեան ուղղեալ նոր փաստաթուղթ մը։

Էրտողան Քոպախիծէի հետ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Որպէս տարածաշրջանի երկիրներ՝ վերահաստատեցինք մեր վճռակամութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս աշխատելու համար խաղաղութեան, անդորրութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ»։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուելիք խաղաղութեան համաձայնագիրը տարածաշրջանի ապագային տեսակէտէ պատմական հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ։

Իր կարգին, Իրակլի Քոպախիծէն ալ շեշտեց, որ Թիֆլիզ կը հաւատայ՝ Երեւան եւ Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ պիտի հասնին պայմանաւորուածութեան։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024