ՍԿԶԲՈՒՆՔԻ ՀԻՄՔՈՎ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

«Հայաստան շինիչ ներգրաւուած է տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ քննարկումներուն», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ երէկ Սթրազպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի հետ։ Ան Սթրազպուրկ մեկնած էր մասնակցելու համար ԵԽ-ի նախարարաց կոմիտէի ժողովին։

Միրզոյեան եւ Պուրիչ զրոյցի ընթացքին կանգ առին Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։ Նախարարը ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճեան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները՝ ներառեալ Ալմաթիի վերջին հանդիպումը ատրպէյճանցի իր պաշտօնակցին Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման ուղղեալ քննարկումներուն մէջ հայկական կողմը հետամուտ է հիմք ունենալ՝ ինքնիշխանութեան եւ ազգային իրաւազօրութեան նկատմամբ յարգանքը, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներուն վրայ կառուցուած տեսլականը։

Նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը խօսեցան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման գործընթացին մասին։ Միրզոյեան ընդգծեց 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հրչակագրի հիմքով տարածքային ամբողջականութեան աներկբայ ճանաչումը։ Ան կարեւորեց սահմանազատման գործընթացէն ներս առաւելագոյն յստակութեան ապահովումը։

Սթրազպուրկի մէջ Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ նաեւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոսի հետ՝ միշտ կարծիքի փոխանակումներ ունենալով տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024