ՉԱՓԵԼՈՎ, ԿՇՌԵԼՈՎ

Գումգաբուի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Կրօնական ժողովի նիստ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին տեսակէտէ կարեւոր նիստ մըն է այս մէկը։ Ժողովը պիտի գումարուի նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։

Ինչպէս ծանօթ է, երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման յաջորդած սուգի շրջանի աւարտին Կրօնական ժողովը գումարուած էր եւ այդ հիման վրայ ալ Պատրիարքական Աթոռը Իսթանպուլի կուսակալութեան մօտ պաշտօնապէս դիմում կատարած էր ընտրութեան համար։ Այդ դիմումէն անմիջապէս վերջ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու այցելած էր Պատրիարքարան՝ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի հետ։ Պատրիարքարանի կողմէ կատարուած դիմումին համար թէեւ տակաւին պաշտօնական պատասխան մը չէ հասած, սակայն նախարարին այցելութիւնը եղած էր գործնական առաջին արձագանգը։ Այցելութեան ընթացքին յայտնի դարձած էր, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մեկնարկին կապակցութեամբ մօտեցումներու որոշ տարբերութիւններ յառաջացած էին՝ պետական իշխանութիւններու եւ Կրօնական ժողովի արժեւորումներուն միջեւ։ Ուստի, առաջին իսկ քայլափոխէն ներդաշնակութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ տեղւոյն վրայ որոշուեցաւ ձեռնարկել տեղապահի ընտրութեան մը։ Նախարարի այցելութեան ընթացքին Պատրիարքարանի մէջ նաեւ ըմբռնում մը գոյացած է, որ տեղապահի ընտրութիւնը պէտք է կատարուի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի՝ այս շաբաթավերջին կրկնուելիք ընտրութենէն վերջ։ Պատրիարքական տեղապահը պիտի ընտրուի Աթոռի հոգեւորականաց համագումարին կողմէ։ Նախարար Սոյլուի Պատրիարքարանի այցելութենէն վերջ անցած ժամանակաշրջանին Գումգաբուի մէջ արդէն որոշ չափով յստակացած են յառաջիկայ քայլերը։ Այսպէս, կը նախատեսուի, որ պատրիարքական տեղապահը ընտրուի 26 յունիս, չորեքշաբթի։ Ուրեմն, վաղը նախատեսուած Կրօնական ժողովի նիստն ալ պիտի նախորդէ Եկեղեցականաց համագումարին։ Պոլսոյ Աթոռի նախընթացներով Եկեղեցականաց համագումարը ժողովի կը հրաւիրուի Կրօնական ժողովի որոշման հիման վրայ։ Կրօնական ժողովն ալ կը գումարուի Աթոռի առաջին դէմքի հրաւէրով ու նախագահութեամբ։ Անցեալ շրջանին թէեւ զանազան տարբեր մեկնաբանութիւններ եղած են այս փուլի պարագային, սակայն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին հաշուով յանգած է այն եզրակացութեան, որ ամէն ինչ պէտք է ըլլայ մեր եկեղեցական օրէնքներուն, կարգ ու կանոնաց եւ մեր Աթոռի նախընթացներուն համապատասխան։ Ուստի, նորին սրբազնութիւնը որոշած է տեղապահի ընտրութեան ընդառաջ նախաձեռնել Կրօնական ժողովի գումարման։ Վաղուան ժողովը պիտի ապահովէ, որպէսզի յունիսի 26-ին տեղապահի ընտրութեան օրակարգով գումարուելիք Եկեղեցականաց համագումարը ունենայ իրաւական ամուր ենթագետին մը։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ժողովական հայրերը վաղուան նիստի ընթացքին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձնեն Եկեղեցականաց համագումարի կազմակերպումը։ Օրակարգի եւ ժողովի ձեւաչափի վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պիտի յստակեցուին Կրօնական ժողովին կողմէ, որ ներկայիս Պատրիարքական Աթոռի օրինական միակ մարմինն է։

Երկուշաբթի, Յունիս 17, 2019