ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄԷ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստ է բոլոր քայլերը առնելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար։ Երէկ, Էրտողան աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Ատրպէյճան։ Շուշիի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վարած բանակցութիւններէն վերջ, երէկ, Էրտողանի ծրագիրը շարունակուեցաւ Պաքուի մէջ։ Ատրպէյճանի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին, տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած նոր իրավիճակին եւ այլ բազում խնդիրներու՝ բնականաբար, բոլորն ալ մեկնաբանելով Թուրքիոյ տեսանկիւնէն։ Այս ամբողջին մէջ Էրտողան կարեւոր պատգամներ տուաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ատրպէյճանի խորհրդարանի ամպիոնէն Էրտողան ընդգծեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խնդիրներու յաղթահարման զուգահեռ Անգարան ալ որոշ քայլերու կրնայ ձեռնարկել հայկական կողմի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ։ «Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը անսահման առաւելութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի համար», ըսաւ Էրտողան անդրադառնալով նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին։ Ան շարունակեց. «Այն երկաթուղիով, որ պիտի սկսի գործել «Զանգեզուրի միջանցք»ի շրջանակներէն ներս, հայերը դիւրութեամբ պիտի կարողանան երթալ Մոսկուա եւ աշխարհի այլ հատուածներ՝ դուրս գալով այն մեկուսացումէն, որուն մէջ յայտնուած են սեփական գործողութիւններու հետեւանքով»։

Իր ելոյթին մէջ Էրտողան Հայաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի Հարաւային Կովկասէ ներս նոր դարաշրջան մը սկսի՝ բնականոնացնելով յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։ «Հարաւային Կովկասէ ներս երկարատեւ խաղաղութիւնը հնարաւոր է։ Փոխադարձ անվտանգութեան վրայ հիմնուած՝ տարածքաշրջանի երկիրներու ու ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան միջոցաւ ո՛չ միայն Ատրպէյճանը, այլեւ՝ տարածքաշրջանի բոլոր երկիրները, ներառեալ Հայաստանն ու ամբողջ աշխարհը պիտի շահին Կովկասէ ներս խաղաղութենէն ու հանդարտութենէն», ըսաւ Էրտողան, որ հերթական անգամ կրկնեց Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի, Իրանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի ներգրաւումով համագործակցութեան հարթակ մը ստեղծելու առաջարկով։ «Կ՚ուզենք, որ մեր -տրպէյճանցի եղբայրներու խնդիրները լուծուին», աւելցուց Էրտողան՝ մէջբերումներ ընելով Վրաստանի վարչապետ Ղարիպաշվիլիի հետ Հարաւային Կովկասի վեցերու հարթակի վերաբերեալ իր ունեցած զրոյցէն։

Բաց աստի, նախագահը շեշտեց, որ Անգարա պիտի շարունակէ Պաքուի կողքին մնալ իր բոլոր հնարաւորութիւններով։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասին պիտի կառուցեն նոր Ղարաբաղ մը։ Հակամարտութեան կարգաւորումը համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ։

Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան դասեր պէտք է քաղէ տարածքաշրջանի գործընթացներէն։ Թուրքիա կողմնակից է Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան։ Երկար տարիներ Հայաստան տարածքաշրջանային համագործակցութենէն կը մեկուսանար սեփական սխալներուն հետեւանքով։ Իր խօսքով՝ տարածքաշրջանային համագործակցութենէն ամենաշատ օգուտը պիտի ստանայ Հայաստան։ Նախարարը տեղեկացուց, որ վաղը Անթալիայի մէջ պիտի սկսի դիւանագիտական համաժողով մը, որու ընթացքին քննարկման նիւթ պիտի դառնայ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՀԱՃԻԵՒ

Միւս կողմէ, Ալիեւի օգնականը՝ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը փափաքի ընդլայնել քաղաքական երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021