ՉՎՏԱՆԳԵԼ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան յայտարարեց, որ համաձայնութիւն պէտք է ըլլայ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Թուրքիոյ հետ։ «Յաւերժ թշնամիներ չեն կրնար ըլլալ երկու հարեւանները, մենք արդէն մեր գոյութիւնը կը վտանգենք», ըսաւ ան։

Շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Ան կը գլխաւորէ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրէսի ցուցակը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան անդրադարձաւ այն յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Ռուսաստան Հայաստանի առջեւ չէ կատարած իր պարտականութիւնները, ուստի երկիրը պէտք է համագործակցի Արեւմուտքի հետ։ «Բացարձակապէս պետականութեան գաղափար չունեցող մարդոց խօսքեր են։ Ընեն այդ բանը, աւելի պիտի խորացնեն՝ առանց այդ ալ արդէն մեր ծանր վիճակը։ Որեւէ լաւ բան չսպասէք այդ բանէն», ըսաւ ան։

Հաղորդավարը հարց տուաւ, թէ նախկին նախագահի համոզմամբ՝ արդեօք միակ դրական բանը ա՞յն է, որ պէտք է համաձայնիլ Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Հիմա կրնանք չհամաձայնիլ, որովհետեւ պատերազմ չ՚ըլլար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Բայց ընթացքը այնպէս պէտք է ըլլայ, որ համաձայնութիւն ըլլայ։ Պէտք է համաձայնութիւն ըլլայ թէ՛ Ալիեւի եւ թէ Թուրքիոյ հետ, յաւերժ թշնամիներ չեն կրնար ըլլալ երկու հարեւանները։ Բացառուած է այդ բանը, մենք արդէն մեր գոյութիւնը կը վտանգենք», ըսաւ Տէր-Պետրոսեան եւ աւելցուց, որ այդ բանը հնարաւոր կ՚ըլլայ այն ժամանակ, երբ որեւէ պետութիւն կամ կառոյց լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Չեմ գիտեր ինչպէս կը լուծուի հարցը։ Սա այլեւս մեզմէ կախեալ չէ։ Վերջացաւ։ Մի՛ սպասէք, որ ոեւէ հայ կրնայ ըսել՝ ես կրնամ լուծել Ղարաբաղի հարցը։ Չկայ այդպիսի բան։ Նման բան գոյութիւն չունի։ Սա ցնորք է, զառանցանք է», շարունակեց ան։

Հարցազրոյցի ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նշեց, որ հայկական կողմի կրած պարտութեան մէջ որքան մեղաւոր են իշխանութիւնները, քաղաքական ուժերը, նոյնքան մեղաւոր է նաեւ մտաւորականութիւնը։ «Մեր մտաւորականութիւնը 90-ականներէն մինչեւ հիմա իր հռետորաբանութեամբ չտարբերեցաւ ֆիտայիներէն։ Որպէսզի հայրենասէր երեւան, իրենք կը գլխաւորէին ճամբարը։ Մեր ակադեմիայի Պատմութեան կաճառը երեք սերունդ դաստիարակած է «հայդատականութեան», «ոչմիթիզականութեան» հիման վրայ։ Պատմութեան դասագիրքեր փոխուած են», ըսաւ ան։

Ըստ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, ինք տարօրինակ կը համարէր այն մօտեցումը, թէ կարելի էր մեծ յաջողութիւններ ունենալ, մեծ տարածքներ ունենալ եւ անոնք յաւերժ կարողանալ պահել։ «Մենք կը հասկնայինք, որ սա պահել հնարաւոր չէ։ Մենք կը տեսնէինք, որ ուժերու յարաբերակցութիւնը ինչպէս կը փոխուի։ Մենք գիտէինք մեր եւ Ատրպէյճանի պաշարները եւ տեսանք կամաց-կամաց Ատրպէյճան ինչպէս համբերատար երեսուն տարի պատրաստուեցաւ եւ իր հարցերը լուծեց։ Այդ բանը չհասկցան մերոնք՝ ո՛չ քաղաքական ուժերը, ո՛չ մտաւորականութիւնը, ո՛չ սփիւռքը։ Մենք կորսնցուցինք հարցի ամենայարմար լուծման պահը։ Սա 1994 թուականն էր։ Այդ ժամանակ Ատրպէյճան այնքան խեղճ էր, որ պատրաստ էր ընդունելու լուծումը։ Կարգավիճակի հարց չէր լուծուեր։ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմանները եւ Լաչինի շրջանը կը պահպանուէին, խաղաղապահ ուժեր կը տեղադրուէին եւ կրնար այդ վիճակը երկար շարունակուիլ։ Սա մեզի հնարաւորութիւն կու տար թէ՛ Ղարաբաղը եւ թէ Հայաստանը ուժեղ պետութիւն դարձնելու եւ արդէն հաւասարը հաւասարի պէս քննարկելու այս հարցերը։ Ժամանակին մենք ունէինք փոխզիջման տարբերակ՝ Արցախի կարգավիճակին համար, հիմա ոչինչ ունինք։ Հիմա ոչինչ ունինք, որ Ատրպէյճան համաձայնի կարգավիճակի մը ապահովման։ Մենք զիջելու հնարաւորութիւնը կորսնցուցինք։ Ո՞վ կ՚ըսէ, որ մենք Ղարաբաղը պիտի տայինք Ատրպէյճանին։ Այդպիսի բան չկայ։ Մենք խօսած ենք փոխադարձ զիջման մասին։ Այսօր լրիւ այլ կացութիւն կ՚ըլլար։ Այսօր Ղարաբաղը կրնար դառնալ ՄԱԿ-ի մակարդակի վրայ քննարկուելիք հարց մը», ընդգծեց Տէր-Պետրոսեան եւ աւելցուց, որ հիմա Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստան որեւէ ձեւով վճռական ձայն չունի։

Անդրադառնալով նախընտրական մթնոլորտին՝ Տէր-Պետրոսեան հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ աննախադէպ քարոզարշաւ մը տեղի կ՚ունենայ։ «Այսպիսի ատելութեան խօսք, հայհոյախառն խօսք երբեք չէ եղած։ Բայց այս բոլորը տակաւին ծաղիկներն են, հաւանական են բախումներ», դիտել տուաւ ան։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021