«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»Ի ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Այսուհետեւ ամէն Շաբաթ օր Հայաստանի քաղաքացիներն ու երկիր այցելած օտարերկրացի հիւրերը «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տարածքէն ներս՝ մեծ պաստառի վրայ կրնան շարժապատկերներ դիտել: Այս մասին «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուցին Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրու պահպանութեան ծառայութենէն (ՊՈԱԿ), որու հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«Մեր պատմամշակութային յուշարձանները հանրահռչակելու, մշակութային կեանքը աշխուժացնելու նպատակով Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ ՊՈԱԿ-ը հանդէս կու գան  իւրօրինակ նախաձեռնութեամբ: Այսուհետեւ ամէն Շաբաթ օր մեր հայրենակիցներն ու Հայաստան այցելած օտարերկրացի հիւրերը «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տարածքէն ներս՝ մեծ պաստառի վրայ կրնան շարժանկարներ դիտել: Մուտքը ազատ է»։

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017