ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՏԱՐԱԶՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹ-ՓԱՌԱՏՕՆ

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Ազգային տարազներու ցուցադրութեան մրցոյթ-փառատօն, որու նպատակն է նպաստել ազգային արժէքներու պահպանման: Այս մասին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչ, հասարակական գործիչ Էմիլ Մարկոսեան: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Գաղափարը իմ մօտ յղացաւ միանգամայն պատահական, եւ առանց մտորումներու որոշուեցաւ կազմակերպել մրցոյթ-փառատօնը: Ընդամէնը մէկ օրուան մէջ 75 անհատ փափաք յայտնեց մասնակցելու», ըսաւ կազմակերպիչը: Ան նշեց, որ մրցոյթին ներկայ կ՚ըլլան քանի մը յայտնի ձեւաւորողներ, որոնք նոյնպէս կը ցուցադրեն իրենց ձեւագծած հագուստները, որոնք ինչպէս հին, այնպէս ալ նորաոճ ազգային տարազներ են։

Իր կարգին, Մշակոյթի նախարարութեան Հայաստանի գուսանական եւ ժողովրդական երգի պետական անսամպլի խմբավար եւ մեներգչուհի Լաուրա Մամեան աւելցուց, որ մրցոյթի ընթացքին պիտի ըլլան նաեւ ստեղծագործական կատարումներ: Այսինքն՝ մասնակիցները կրնան ներկայանալ ոչ միայն իրենց հագուստը ցուցադրելու, այլեւ երգելու, պարելու կամ ասմունքելու: «Ես համացանցէն տեղեկացայ մրցոյթի մասին ու հետաքրքրուեցայ: Կը կարծեմ այս մրցոյթ-փառատօնը կը կոտրէ կարծրատիպը, թէ տարազ կրելը ամօթ է», նշեց Մամեան:

Լրագրողներու այն հարցին, թէ ունի՞ն պետական որեւէ աջակցութիւն, Էմիլ Մարկոսեան պատասխանեց, որ կայ նախնական պայմանաւորուածութիւն Սփիւռքի նախարարութեան հետ:

Կազմակերպիչը նշեց, որ մասնակիցներու կարգին են ինչպէս Հայաստանի մարզերէն, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղէն: Յայտերը կ՚ընդունուին մինչեւ Յուլիսի 20-ը: Մրցոյթի ընթացքին կայ երեք անուանակարգ, յաղթողները կը ստանան պատուոյ գիրեր: Առաջին փուլը տեղի կ՚ունենայ Յուլիսի 30-ին, իսկ եզրափակիչ փուլը՝ Օգոստոսի 15-ին, Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական երաժշտական թատրոնին մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017