ՎՃՌԱԿԱՆ ԵՒ ԶԳՕՆ ՀԵՐԹԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթավերջին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ աննախընթաց մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ՝ 15 Յուլիս 2016 թուականի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձի տարելիցին առթիւ։ Երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ տարելիցի առթիւ տեղի ունեցան ոգեկոչումներ։ Ընդհանուր առմամբ, կարելի է ըսել՝ որ Թուրքիոյ մէջ Յուլիսի 15-ը հաստատուած է որպէս ժողովրդավարական գրաւական ու երաշխիք։ Քանի որ հիմնական դէպքերը տեղի ունեցած էին Իսթանպուլի եւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, շաբաթավերջի տարելիցի ոգեկոչումներու ծրագիրն ալ կեդրոնացաւ այդ երկու ուղղութիւններուն վրայ։ 15 Յուլիսի նահատակներուն ձօնուած Վոսփորի կամուրջի Ասիական ափի մուտքին մօտ հանդիսաւորապէս բացուեցաւ յուշարձան մը, որ ձօնուած է նահատակներուն։ Յուշարձանի կառուցուած բլուրին վրայ կատարուեցաւ նաեւ ծառատունկ։ Այս յուշարձանի բացումը կատարուեցաւ մեծ հանրահաւաքով մը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ներկայ էր ամբողջ պետական աւագանին։ Էրտողան այս առթիւ խօսք ուղղեց ծովածաւալ բազմութեան մը։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ալ Ազգային մեծ ժողովը գումարեց կէսգիշերային յատուկ նիստ մը։ Տարի մը առաջ խորհրդարանի շէնքի ռմբակոծուած ժամերուն այս տարի երեսոփանները հաւաքուեցան։ Ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան։

Հանդիսութիւններէն եւ ելոյթներէն անդին էական հանգամանքը եղաւ այն, որ Յուլիսի 15-ը եկաւ ապացուցանել, թէ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը վճռական եւ զգօն հերթապահութեան մը մէջ է ժողովրդավարութեան համար։

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017