ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳՕՏԻՆԵՐԷ ՆԵՐՍ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԼԱՐՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հանայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայկական սահմաններուն հրադադարի դրութեան խախտման վիճակագրութիւնը բաւական ցած է, սակայն լարուած է ռազմաքաղաքական իրավիճակը։

Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին համացանցի վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին անդրադարձաւ Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ տիրող ներկայ կացութեան։ «Կուտակումներ կան շփման գօտիին մէջ, ունինք ատրպէճանական որոշ ստորաբաժանումներու որոշ կուտակումներ։ Այդպիսի իրավիճակ ունէինք ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն առաջ, իսկ Նախիջեւանի հետ սահմանին մենք ունինք որոշ ապակառուցողական գործողութիւններ Ատրպէյճանի կողմէ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը շեշտեց, որ ռազմաքաղաքական իրավիճակը բաւական լարուած է, սակայն ինք նկատի չունի յստակ սահմանի վրայ տեղի ունեցող խախտումները, որովհետեւ եթէ զուտ վիճակագրական իմաստով դիտարկը-ւի, ապա հրադադարի դրութեան խախտումները մեծ չեն։ Ըստ իրեն, զինուորականները կ՚ըսեն, որ ունին սանդղակ, որ չափանիշ է եւ այդ սանդղակէն վեր խախտումները վտանգաւոր են, իսկ սանդղակէն ներքեւ խախտումները վտանգաւոր չեն։

«Իմ վարչապետ դառնալէն յետոյ այդ սանդղակէն շատ քիչ վերեւ առաւելագոյն չորս դէպք եղած է, բայց ռազմաքաղաքական իրավիճակը լարուած է։ Դուք կը տեսնէք, որ Ատրպէյճան խիստ յայտարարութիւններ կ՚ընէ եւ իմ հրամանն է ծայրայեղ զգուշաւոր ըլլալ եւ պատրաստ ըլլալ Ատրպէյճանի կողմէ որեւէ խափանարարութեան որեւէ պահու մէջ։ Ինչ կը վերաբերի սահմանային գօտիներուն, ապա շփման գօտիին մէջ կան կուտակումներ, ինչպէս եղած էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն։ Ատրպէյճանի մարտավարութիւնն է, որ սա սովորական դառնայ հայկական կողմի համար, նկատելու չտան։ Ինչ կը վերաբերի Նախիջեւանի սահմանին, այնտեղ եւս ունինք կուտակումներ, ապակառուցողական գործողութիւններ կը կատարուին Ատրպէյճանի կողմէ եւ մենք բոլոր իրավիճակներուն մէջ մեր պետութեան շահերը պահենք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Առկայ իրավիճակի լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան արտայայտեց նաեւ այն համոզումը, թէ վերլուծելով Ատրպէյճանի գործողութիւնները՝ կարելի է հասնիլ այն եզրակացութեան, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ ներքին խնդիրներ ունի, մտավախութիւն ունի, որ Ատրպէյճանի մէջ եւս կ՚ոգեւորուին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գործողութիւններով եւ այդ է պատճառը, որ ինք կը նշէ, որ Ատրպէյճանի որեւէ յարձակողական գործողութիւն ուղղուած չէ միայն Հայաստանի դէմ, այլ նաեւ ժողովրդավարութեան դէմ։ Վարչապետ Փաշինեան նաեւ լաւ նորութիւն համարեց, որ այսօր հայ ժողովուրդը Արցախի, սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ համախմբուած է աւելի քան երբեք եւ սա հայկական կողմի մարտունակութեան լաւագոյն գործօնն է։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԲԱԼԱՅԵԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան երէկ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ սպասուող նախընտրական շրջանը չի կրնար խոչընդոտել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի շարունակուիլը։

Բանբեր Բալայեան երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ անցեալ շաբաթուան տեւողութեան Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանբերը շեշտեց, որ նախարարները Պրիւքսելի հանդիպման ընթացքին որեւէ համաձայնութեան չեն հասած երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման վերաբերեալ։ Ան յիշեցուց, որ հանդիպում կը կրէր ճանաչողական բնոյթ եւ ըսաւ. «Կրնամ միայն ըսել, որ պայմանաւորուածութիւն կայ շփումները շարունակելու։ Ինչպէս նաեւ կար տեսակէտ, որ հնչեցուեցաւ անպաշտօն մակարդակի վրայ, թէ մի գուցէ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու շրջան պիտի սկսի, պէտք է դադար տալ եւ անոնցմէ վերջ շարունակել։ Բայց մենք համոզուած ենք, թէ նախընտրական շրջանը խոչընդոտ մը չի կրնար հանդիսանալ բանակցային գործընթացին համար, որ պէտք է ընթանայ համանախագահներու առաջակներու հիման վրայ եւ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ստեղծման ուղղութեամբ յառաջընթացի համար»։

Տիգրան Բալայեան վերահաստատեց, որ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ Հայաստանի համար ուղենիշայինը Արցախի անվտանգութիւնն է ու կարգավիճակի հարցը։

Պատասխանելով լրագրողի մը հարցման՝ Տիգրան Բալայեան նշեց, որ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ապահովման հարցը քննարկուած է ամենաուղիղ ձեւով։ Այդ է՝ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարումը։ Կան առաջարկներ այդ առումով, սակայն այդ առումով երկու տարիէ աւելի ժամանակէ ի վեր Ատրպէյճան կը խոչընդոտէ այդ համաձայնութիւններու ի կատար ածուիլը։

 

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018