ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ ան վաղը պիտի մասնակցի «Կրօնի ազատութեան նախարարական համաժողովին»։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւաքոյթի ընթացքին նախատեսուած է Զօհրապ Մնացականեանի ելոյթը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանն ալ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն բերաւ ՄԱԿ-է ներս կազմակերպուած՝ ուժանիւթի կայուն զարգացման ձօնուած կլոր սեղանին։ Այս քննարկումը կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ՝ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի եւ Եւրոասիոյ միութեան հետ համագործակցութեամբ։

Հաւաքոյթի ընթացքին Տիգրան Աւինեան յամառօտ անդրադարձաւ ուժանիւթի ոլորտի համաշխարհային զարգացումներուն։ Ան ընդգծեց, որ ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը զանազան երկիրներու ազգային զարգացման օրակարգին վրայ հետզհետէ աւելի առաջնահերթ տեղ մը կը զբաղեցնէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019