ԵՒՐՈՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Գերմանացի խորհրդարանական Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն ստանձնեց Եւրոյանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը։ Ան ունի եօթ զաւակ, գիտէ գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն կը հանդիսանայ Եւրոյանձնաժողովի իգական սեռէ առաջին նախագահը։

Եւրոխորհրդարանէ ներս Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի նշանակումը հաւանութեան արժանացաւ քուէարկութիւնով մը՝ ձայներու 383 կողմ եւ 327 դէմ յարաբերակցութեամբ։ Ան ծնած է Պրիւքսելի մէջ եւ ամբողջութեամբ նուիրուած՝ Եւրոպայի իտէալին։ Թուրքիոյ անդամակցութեան հեռանկարին շուրջ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն կը հետեւի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի գծին։

Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած քուէարկութենէն առաջ նորընտիր նախագահը յայտնած էր, որ պատրաստակամ պիտի ըլլայ երկարաձգելու  BREXIT-ի շուրջ բանակցութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019