ԻՐԱՆԻ ԿԱԶԸ ԱՆՀՐԱԺԱՐԵԼԻ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Ազատութիւն» եւ «Ամերիկայի ձայն» ռատիօկայաններու հաղորդումներով, ան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ուաշինկթընի «Atlantic Council» կեդրոնին մէջ։ Արարատ Միրզոյեան այս առթիւ յայտարարեց, որ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ Իրանէն բնական կազ ներածելու այլընտրանքէն։

Անդրադառնալով ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն՝ Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Մենք կը փափաքինք, որ ԱՄՆ ճնշում չգործադրէ Հայաստանի վրայ։ Հայաստան նման գին մը չի կրնար վճարել»։

Ան աւելցուց, որ ամերիկացի գործընկերներուն տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը վնասներ կը կրէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն հետեւանքով։ Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ բարեկամ երկրի մը հետ յարաբերութիւններու զարգացումը պէտք չէ ըլլայ այլ բարեկամ երկրի մը հաշւոյն։ Ան ընդգծեց, որ Երեւան հետաքրքրուած է յարաբերութիւնները զարգացնել Ուաշինկթընի հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019