ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Մարտինի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Թումա Չելիք, որ ունի ասորի արմատներ, Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու վարժարաններու առկայ խնդիրները։ Պատգամաւոր Թումա Չելիք այս առթիւ մատնանշած է իսկապէս կենսական խնդիրներ։ Ան Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուքի ուղղեալ հարցումին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած է Թուրքիոյ փոքրամասնական վարժարաններու առկայ դժուարութիւններուն։ Խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն հիման վրայ Թումա Չելիք նախարարէն գրաւոր պատասխան պահանջած է իր հարցումներուն կապակցութեամբ։ Ընդդիմադիր երեսփոխանը հարցումը բանաձեւած է վերջերս առնուած որոշումի մը հիման վրայ։ Այսպէս, այդ որոշումը կը նախատեսէ Ազգային կրթութեան նախարարութեան պիւտճէէն 541 միլիոն լիրա յատկացում կատարել Թուրքիոյ «Մաարիֆ» հիմնարկին։ Թումա Չելիք մատնանշած է, որ այդ հիմնարկի նպատակներն են արտասահմանի մէջ կրթական հաստատութիւններ բանալ, երկրէն ներս հասցնել այդ հաստատութիւններուն մէջ պաշտօն կատարելիք մանկավարժները, խրախուսել գիտական հետազօտութիւններն ու աշխատանքները։ Միեւնոյն ժամանակ, ընդդիմադիր երեսփոխանը ընդգծած է, որ թէ՛ տնտեսական դժուարութիւններու եւ թէ անչափահասներու բանուորութեան խնդրին հետեւանքով ներկայիս հարիւրաւոր դպրոցահասակներ չեն կրնար յաճախել վարժարան։ Իսկ վարժարան մը յաճախողներու պարագային գոյութիւն չունին համահաւասար պայմաններ եւ նկատելի է, որ շրջաններու մակարդակով տարբերութիւններ ի յայտ կու գան քննութիւններու յաջողութեան համեմատութիւններուն մէջ։

Նոյն ծիրին մէջ Թումա Չելիք անդրադարձ կատարած է փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն։ Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ 5 յունական, 16 հայկական, մէկ հրէական եւ մէկ ասորական վարժարան գոյութիւն ունի։ Այդ դպրոցներուն թիւը կը հասնի 23-ի։ Փոքրամասնական վարժարանները նիւթական դժուարութիւններ կ՚ապրին դասանիւթերու թարգմանութեան եւ հրատարակութեան առումով։ Փոքրամասնական լեզուներով կրթութիւն ջամբելու ի վիճակի ուսուցիչներ հասցնելու ուղղութեամբ խնդիրներն ալ կը մնան առկայ։ Փոքրամասնական վարժարանները չունին նաեւ իրենց յատուկ կարգավիճակին համապատասխան օրէնսդրութիւն մը։ Անոնք ենթակայ են թիւ 5580 Մասնաւոր կրթական հաստատութիւններու օրէնքին եւ համապատասխան կանոնադրութեան։ Մինչդեռ, Լոզանի դաշնագրի 41-րդ յօդուածով երաշխաւորուած են փոքրամասնական վարժարանները։ Նոյն յօդուածով նախատեսուած է, որ փոքրամասնութիւններու կարեւոր համեմատութեամբ բնակած քաղաքներու կամ գաւառակներու մէջ անոնց պետութեան պիւտճէէն, քաղաքապետութիւններու պիւտճէէն կամ այլ միջոցներէ բաժին դուրս պէտք է բերուի՝ կրթական, կրօնական կամ բարենպատակ հաստատութիւններու համար։ Երեսփոխանը այս հիման վրայ կ՚ակնկալէ, որ ասորիները կարողանան վարժարաններ բանալ այն քաղաքներուն եւ գաւառակներուն մէջ, ուր կը բնակին խտացեալ ձեւով։

Այս դիտարկումներուն հիման վրայ, ընդդիմադիր երեսփոխանը վերոյիշեալ յատկացումը կը հարցաքննէ՝ փոքրամասնութիւններու վարժարաններու դիմագրաւած նիւթական նեղութիւններու լոյսին տակ։ Թումա Չելիք նախարար Զիյա Սելչուքին հասցէագրած է 11 հարցում։ Այս ամբողջին մէջ ան հարց կու տայ, որ նախարարութիւնը տեղեա՞կ է փոքրամասնական վարժարաններու նիւթական դժուարութիւններէն։ Կը ծրագրուի՞ անոնց մասնաւոր կարգավիճակին համար պատրաստել օրէնսդրութիւն մը։ Ընդդիմադիր պատգամաւորի հարցումներու շարքին կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն նաեւ երկրի ասորիներու կրթութեան ոլորտի վերաբերեալ սպասումները։

Ինչպէս ծանօթ է, Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը վերջին տարիներուն սկսած է օժանդակութիւններ յատկացնել երկրի մասնաւոր կրթական հաստատութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ գումարներ կը յատկացուէին նաեւ թրքահայ համայնքային վարժարաններուն։ Աւելորդ է յիշեցնել, որ երկրի փոքրամասնական վարժարաններու շարքին գերակշիռ թիւը եւ աշակերտութիւնը ունին հայկականները։ Օժանդակութիւններու սկսած շրջանին անոնք ընդհանուր պիւտճէին մէջ կը կազմէին կարեւոր համեմատութիւն, սակայն աստիճանաբար այդ գումարները հեռու կը մնան նիւթական դժուարութիւններուն դարման ըլլալէ։   

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019