ՊԱՂԱՐԻՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Ս-400 ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ներածումը կը շարունակէ զուգահեռաբար օրակարգի վրայ պահել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնները։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ ռուսական հրթիռներու Թուրքիա հասնիլ սկսելէն վերջ առաջին անգամ կատարեց արժեւորում մը՝ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին ժամանակ։ Ան ընդհանուր առմամբ պաղարիւն մօտեցումով արտայայտուեցաւ։ Ամերիկացի ղեկավարը նշեց, որ իրենք հասկացութիւն կը ցուցաբերեն Թուրքիոյ նկատմամբ եւ կը քննարկեն ստեղծուած առկայ կացութիւնը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Տանըլտ Թրամփ ընդհանրապէս արտայայտած է այն տեսակէտները, որոնք Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին բարձրաձայնած էր։ Այդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ճաբոնի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովի օրերուն։ Թրամփ յիշեցուց, որ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչախումբը մերժած էր «Փեթրիըթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր վաճառել Թուրքիոյ։ Ան ներկայ կացութիւնը մեկնաբանած է նաեւ Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու ծրագրի տեսանկիւնէն։ Արդարեւ, Թուրքիա աւելի քան հարիւր հատ պատուիրած է այդ ռազմաօդանաւերէն ու կը պատրաստուի նոր պատուէրներու։ Բայց եւ այնպէս, ռուսական հրթիռներ ունենալու պատճառով՝ ամերիկեան կողմը արգելքներ ունի այդ ռազմաօդանաւերը յանձնելու ուղղութեամբ։ «Թուրքիոյ նիւթը շատ բարդ է, անոնց հետ երկխօսութեան մէջ ենք», ըսած է Թրամփ։ Միեւնոյն ժամանակ ան յիշեցուցած է, որ ռազմաօդանաւերու այդ գործարքները կ՚արժեն միլիառաւոր տոլարներ։

Ամերիկեան վարչախումբէն այլ անուններ եւս վերջին օրերուն անդրադարձան այս հարցին։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ երկրի օրէնսդրութիւնը անխուսափելի կը դարձնէ պատժամիջոցներու գործադրութիւնը նման իրավիճակի մը մէջ։ Ուստի, պետական քարտուղարի կանխատեսումներով, նախագահ Թրամփն ալ պիտի հետեւի այդ ճանապարհին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019